«Սեւրի Մուրատեան վարժարան»-ի Միութեան ընդհանուր ժողովը

494863409_736205945729499_5630288509481345842_n

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

«Սեւրի Մու­րա­տեան վար­ժա­րան»-ի Միու­թիւնը (L’Association du Collège arménien – Fondation Samuel Moorat) իր ընդհա­նուր ժո­ղովը գու­մա­րեց 2026 Մա­յիս 19-ին, Սեւ­րի իր կեդ­րո­նատե­ղիին մէջ։

Այս առ­թիւ, միու­թիւնը ու­րա­խու­թեամբ կ՚ող­ջունէ ան­դա­մակ­ցութիւ­նը եր­կու նոր գոր­ծա­կից­նե­րու, որոնք կու գան զօ­րակ­ցե­լու իր գոր­ծունէու­թեան՝ ի նպաստ մշա­կու­թա­յին, կրթա­կան եւ յի­շողու­թեան եռա­կի առա­քելու­թեան վե­րաշ­խուժաց­ման։

Ընդհա­նուր ժո­ղովը քննեց նաեւ կա­լուա­ծի վե­րակեն­սա­ւոր­ման եւ շա­րու­նա­կակա­նու­թեան ծրագ­րե­րը, որոնց գլխա­ւոր առաջ­նա­հեր­թութիւնն է պա­լատի (château), ապա միւս մաս­նա­շէն­քե­րու վե­րանո­րոգու­մը։ Այս աշ­խա­տանքնե­րը հնա­րաւո­րու­թիւն պի­տի ըն­ձե­ռեն հոն հաս­տա­տելու հա­րուստ գրա­դարան մը ի սպաս հայ հա­մայնքին, ու­սումնա­սիրու­թիւննե­րու, դա­սախօ­սու­թիւննե­րու եւ հա­մագու­մարնե­րու կեդ­րոն մը, եւ մաս­նա­ւորա­պէս՝ վե­րականգնել աս­տի­ճանա­բար վար­ժա­րանիս կրթա­կան կո­չու­մը, ի նպաստ հա­մայնքին՝ հայ դպրո­ցի մը ստեղծման ապա­գայ հե­ռան­կա­րով։

Այս նպա­տակով, ընդհա­նուր ժո­ղովը ու­սումնա­սիրեց դրա­մի հայ­թայթման քա­նի մը հնա­րաւոր աղ­բիւրներ՝ յար­գե­լով կեդ­րո­նի պատ­մա­կան, մշա­կու­թա­յին եւ հո­գեւոր ինքնու­թիւնը, յատ­կա­պէս շա­րու­նա­կելով վեր­ջին տա­րինե­րուն ար­դէն իսկ սկսած որոշ ծրագ­րեր։

Ժո­ղովը քննար­կեց նաեւ հան­րօ­գուտ միու­թեան (association d’intêret général) կար­գա­վիճակ ստա­նալու հնա­րաւո­րու­թիւնը, որ­պէսզի խրա­խու­սէ բո­լոր այն ան­ձե­րու նուիրատ­ւութիւննե­րը, որոնք կա­պուած են այս առա­քելու­թեան յա­րատե­ւու­թեան եւ Սա­մուէլ-Մու­րա­տեան վար­ժա­րանի աւե­լի քան հա­րիւ­րա­մեայ պատ­մութեան։

Հուսկ, վերջ դնե­լու հա­մար ապա­տեղե­կատ­ւութեան ար­շա­ւին, որ դժբախ­տա­բար կը շա­րու­նա­կէ կեղծ լու­րեր տա­րածել, ընդհա­նուր ժո­ղովը յի­շեցուց, որ 2025 Դեկ­տեմբե­րին տե­ղի ու­նե­ցած կա­նոնագ­րութեան բա­րեփո­խու­մը պաշ­տօ­նապէս եւ խստիւ կ՚ար­գի­լէ Սեւ­րի կա­լուա­ծին որե­ւէ վա­ճառք։

Սեւ­րի Սա­մուէլ Մու­րա­տեան վար­ժա­րանը Ֆրան­սա­յի հա­յու­թեան պատ­մութեան կա­րեւո­րագոյն վայ­րե­րէն մէկն է։ Անի­կա նպաս­տած է քա­նի մը սե­րունդնե­րու կազ­մա­ւոր­ման եւ կը մնայ հայ հա­մայնքին հա­մար մշա­կու­թա­յին, կրթա­կան եւ յու­շա­պատ­մա­կան էական խորհրդա­նիշ մը։

Սեւ­րը պէտք է վերստին դառ­նայ հայ մշա­կոյ­թի եւ հայ­րե­նաւանդ ար­ժէքնե­րու փո­խանցման, զար­թօնքի, ուսման եւ ճա­ռագայթման վայր՝ ի սպաս հա­մայն հա­յու­թեան։

«Սեւրի Մուրատեան վարժարան»-ի Միութիւն