ԿԸՅ-ն հրապարակեց վերջնական արդիւնքները
Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի նախագահ Վահագն Յովակիմեան կը յայտարարէ վերջնական արդիւնքները
…եւ Ազգային ժողով մուտք գործող ուժերուն անունները
Ինչպէս նախապէս յայտարարուած էր, Յունիս 14-ին, Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի (ԿԸՅ) նախագահը՝ Վահագն Յովակիմեանը հրապարակեց Հայաստանի Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն վերջնական արդիւնքները։ Նորընտիր խորհրդարան մուտք կը գործեն «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը, ինչպէս նաեւ «Ուժեղ Հայաստան» եւ «Հայաստան» դաշինքները։ Միւս կողմէ, «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը (ԲՀԿ) չէ կրցած յաղթահարել նուազագոյն շեմը եւ դուրս կը մնայ Ազգային ժողովէն։
Քուէարկութեան թուային պատկերը
Ընտրութիւններուն համար արձանագրուած ընտրողներուն ընդհանուր թիւը կազմած է 2.506.826 հոգի։ Անոնցմէ 2.503.990-ը ընդգրկուած եղած են հիմնական ցանկերուն մէջ, իսկ քուէարկութեան օրը կազմուած լրացուցիչ ցանկերով մասնակցած է 1126 քաղաքացի։ Շրջուն արկղով քուէարկած է 1300 հոգի, իսկ ելեկտրոնային եղանակով՝ 410 ընտրող։ Ընդհանուր առմամբ, քուէարկութեան իրենց մասնակցութիւնը բերած են 1.476.769 քաղաքացիներ, ինչ որ կը կազմէ ընտրելու իրաւունք ունեցողներուն 58,9 առ հարիւրը։
Քաղաքական ուժերուն ստացած քուէները
Առաջատար երրեակը կը գլխաւորէ իշխանութեան կուսակցութիւնը՝ «Քաղաքացիական պայմանագիր»-ը, որ ապահոված է 726.818 քուէ (49,74%), որուն կը յաջորդեն «Ուժեղ Հայաստան» դաշինքը՝ 340.006 քուէով (23,27%) եւ «Հայաստան» դաշինքը՝ 144.983 քուէով (9,92%)։ Խորհրդարանէն դուրս մնացած «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը ստացած է 58.287 ձայն (3,98%)։
Մնացեալ քաղաքական ուժերուն արձանագրած արդիւնքները ունին հետեւեալ պատկերը. «Միասնութեան թեւեր» կուսակցութիւնը ստացած է 33.537 քուէ (2,29%), Հայաստանի շնորհապետական կուսակցութիւնը՝ 30.642 քուէ (2,09%), «Դեմոկրատիա, օրէնք, կարգապահութիւն» կուսակցութիւնը՝ 25.758 քուէ, «Նոր ուժ» ռեֆորմիստական կուսակցութիւնը՝ 25.523 քուէ (1,74%), «Բոլորին դէմ եմ» ժողովրդավարական կուսակցութիւնը՝ 21.181 քուէ (1,44%), իսկ «Հանրապետութիւն» կուսակցութիւնը՝ 15.808 քուէ (1,08%)։
Աւելի նուազ քուէներ ապահոված են «Լուսաւոր Հայաստան»-ը (7439 քուէ, 0,50%), «Յանուն հանրապետութեան ժողովրդավարութեան պաշտպաններու դաշինք»-ը (6754 քուէ, 0,46%), «Ազգային ժողովրդավարական բեւեռ»-ը (5481 քուէ, 0,37%), «Ժողովրդավարական համախմբում»-ը (5269 քուէ, 0,36%), Հայ ազգային կոնգրէսը (ՀԱԿ) (3143 քուէ, 0,21%), Քրիստոնեայ-ժողովրդավարական կուսակցութիւնը (2671 քուէ, 0,18%), Քոչարի Ազգային վերածնունդ եւ ազգի զարթօնք կուսակցութիւնը (1986 քուէ, 0,13%) եւ Ռեֆորմիստներու կուսակցութիւնը (1425 քուէ, 0,09%)։
Երեսփոխանական լիազօրագրերու բաշխումը
Նշենք, որ ընտրական գործընթացի ընթացքին արձանագրուած անճշդութիւններուն գումարային չափը կազմած է 4331։ Ըստ ԿԸՅ-ի տրամադրած տուեալներուն՝ այս պահու դրութեամբ, եթէ վիճարկուող երեք տեղամասերուն մէջ վերաքուէարկութիւն տեղի չունենայ, ապա նորընտիր խորհրդարանին մէջ երեսփոխանական լիազօրագրերը պիտի բաշխուին հետեւեալ համեմատութեամբ.
- «Քաղաքացիական պայմանագիր»՝ 64 լիազօրագիր
- «Ուժեղ Հայաստան»՝ 29 լիազօրագիր
- «Հայաստան» դաշինք՝ 12 լիազօրագիր
Լարուած իրավիճակ եւ բողոքի ցոյց՝ ԿԸՅ-ի շէնքին դիմաց
Նշենք, որ ԿԸՅ-ի կողմէ ընտրութիւններու վերջնական արդիւնքներու յայտարարման ընթացքին շէնքին շրջակայքը խիստ լարուած վիճակ կը տիրէր, եւ բողոքի հաւաքներ տեղի կ՚ունենային։ Ընդդիմութեան հաւաքին ընդառաջ, ոստիկանութիւնը յաւելեալ զօրք ուժեր կեդրոնացուցած էր Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի մուտքին դիմաց։ «Հայաստան» եւ «Ուժեղ Հայաստան» դաշինքներն ու «Բարգաւաճ Հայաստան» (ԲՀԿ) կուսակցութիւնը միացեալ բողոքի ցոյց կազմակերպած էին ԿԸՅ-ի շէնքին առջեւ՝ պահանջելով չեղեալ յայտարարել Յունիս 7-ին տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն արդիւնքները։
