Լոնտոն-Երեւան՝ Միացեալ Թագաւորութեան եւ Հայաստանի միջեւ առաջին ուղղակի թռիչքը
Միացեալ Թագաւորութեան եւ Հայաստանի միջեւ առաջին ուղղակի թռիչքը տեղի ունեցած է Յունիս 12-ին։ «Wizz Air» ընկերութեան կողմէ ապահովուած այս անդրանիկ թռիչքը Լոնտոնի «Լութըն» (Luton) օդակայանէն դէպի Երեւան հանդիսացած է պատմական հանգրուան մը, որուն իրագործումը պահանջած է գրեթէ երկու տարի։
Մեծն Բրիտանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Վարուժան Ներսէսեան անդրանիկ թռիչքի ճամբորդներուն միջեւ տեղ գրաւած է եւ մեկնումի սրահին մէջ անձամբ ողջունած ճամբորդները։
“Միացեալ Թագաւորութիւնը Հայաստանի զբօսաշրջութեան ռազմավարութեան թիրախային շուկաներէն մէկն է։ Կ՚ակնկալենք դէպի Հայաստան ժամանող զբօսաշրջիկներու թիւի արագ աճ”,– յայտնած է դեսպանը։
Այս նոր օդային ուղին ճամբորդութեան, զբօսաշրջութեան եւ գործարար համագործակցութեան անմիջական առիթներ կը ստեղծէ երկու երկիրներուն միջեւ։
***
Աւելցնենք, որ այս ուղղակի գիծի պաշտօնական հաստատումէն քանի մը օր առաջ, «Wizz Air» ընկերութիւնը գովազդային ուշագրաւ նախաձեռնութեամբ մը հանդէս եկած էր՝ կազմակերպելով «անակնկալ-թռիչք» մը դէպի «անծանօթ ուղղութիւն»։ Ճամբորդները ընդամէնը 50 եւրոյով կրնային տեղ ապահովել այդ օդանաւին մէջ՝ առանց գիտնալու, թէ ո՛ւր կ՚ուղեւորուին։ Անոնք իրենց վերջնակէտին մասին իմացան միայն վայրէջքի պահուն, երբ յայտարարուեցաւ, որ ոտք կը դնեն Երեւան։ Ընկերային ցանցերուն մէջ այս քայլը բաւական մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացուց՝ միաժամանակ հանդիսանալով անզուգական քարոզչութիւն մը՝ ի նպաստ Հայաստանի զբօսաշրջութեան։
