Հայաստանի մէջ տեղի կ՚ունենայ «Արծիւ գործընկեր-2026» միջազգային ռազմափորձը
Յունիս 17-էն 25 Հայաստանի մէջ տեղի կ՚ունենայ ամէնամեայ դարձած «Արծիւ գործընկեր-2026» (Eagle Partner 2026) ռազմափորձը։
Ինչպէս կը յայտնեն Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութենէն, այս տարուան ռազմափորձերուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Հայաստանի Զինուած ուժերու խաղաղապահ զօրախումբէն՝ 250, Եւրոպայի եւ Ափրիկէի մէջ ԱՄՆ-ու ցամաքային զօրքերէն ու Քանզասի ազգային պահակագունդէն՝ 58, Ֆրանսայի զինուած ուժերէն՝ 24, եւ Յունաստանի զինուած ուժերէն՝ 11 զինուորականներ։
Կը հաղորդուի, որ ռազմափորձին ընթացքին պիտի կատարուին խաղաղապահ առաջադրանքներու նախապատրաստման եւ իրականացման յատուկ վարժանքներ։
Ըստ Պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութեան՝ «Արծիւ գործընկեր-2026»-ի գլխաւոր նպատակն է բարձրացնել միջազգային խաղաղապահ առաքելութիւններու մասնակցող ստորաբաժանումներուն միջեւ գործակցութեան մակարդակը՝ խաղաղապահ գործողութիւններու ծիրէն ներս։ Միաժամանակ, կը նախատեսուի իրականացնել կառավարման եւ մարտավարական հաղորդակցութեան լաւագոյն փորձառութեան փոխանակում, ինչպէս նաեւ ամրապնդել Հայաստանի Զինուած ուժերու խաղաղապահ ստորաբաժանումներու մարտական պատրաստութիւնը։
