Մոսկուայի նոր խստաշունչ զգուշացումը Երեւանին

Սերկէյ Նարիշքին

Դէպի Արեւմուտք կողմնորոշումը յղի է ներքին եւ տնտեսական բարդութիւններով

Եթէ Հայաստանի ղեկավարութիւնը կողմնորոշուի բացառապէս դէպի Արեւմուտք եւ ապաւինի անոր աջակցութեան՝ սխալ գործած կ՚ըլլայ։ Այս մասին ռուսական պետական ԹԱՍՍ գործակալութեան տուած իր հարցազրոյցին մէջ յայտարարած է Ռուսաստանի Արտաքին հետախուզութեան ծառայութեան տնօրէն Սերկէյ Նարիշքինը։

Վերջինիս համոզումով՝ նման քայլի պարագային երկրին ներքին կացութիւնը պիտի բարդանայ, ինչպէս նաեւ տնտեսական զարգացման դէմ լրացուցիչ խոչընդոտներ ու դժուարութիւններ պիտի ստեղծուին։

Թէ յատկապէս ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս պիտի բարդանայ Հայաստանի ներքին իրավիճակը, ռուս պաշտօնատարը չէ մանրամասնած, այլ գոհացած է ըսելով. “Կը յուսամ, որ Հայաստանի ղեկավարութիւնը խոհեմութեամբ կը գործէ”։

Միաժամանակ, Նարիշքին շեշտած է, որ Ռուսաստանի համար կարեւոր է Հայաստանի հետ բարեկամական յարաբերութիւններու պահպանումը։

“Կարեւոր է համագործակցութեան զարգացումը բոլոր ուղղութիւններով՝ ըլլայ տնտեսական թէ մարդասիրական ոլորտներէն ներս, ինչպէս նաեւ ռազմական եւ ռազմա-արհեստագիտական գործակցութեան ծիրին մէջ”,– նշած է Նարիշքին։

Թէեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարած էր, թէ Երեւան մտադիր չէ դուրս գալ Եւրասիական տնտեսական միութենէն (ԵԱՏՄ), սակայն ռուս պաշտօնատարները կը շարունակեն պնդել, որ Հայաստանի մերձեցումը Եւրոպական Միութեան հետ կ՚ենթադրէ ԵԱՏՄ-ի հետ գործակցութեան դադրեցում։