Ռուսաստանի արտածման արգելքներուն պատճառով Հայաստանի ՀՆԱ-ն (PIB) կրնայ նուազիլ մինչեւ 2 տոկոսով

Կեդրոնական դրամատուն

Հայաստանի Կեդրոնական դրամատան նախագահ Մարտին Գալստեան զգուշացուցած է, որ եթէ Հայաստան չկարենայ նոր շուկաներ գտնել Ռուսաստանի կողմէ արգիլուած ապրանքներուն համար, երկրին տնտեսութիւնը կրնայ մինչեւ 2 տոկոսի անկում արձանագրել:

Ըստ Գալստեանի, գլխաւոր վտանգներու շարքին են հայկական դրամի արժեզրկման ճնշումը եւ չարտածուած ապրանքներու (բանջարեղէն, ոգելից խմիչքներ, ծաղիկներ) ներքին գերառաջարկի պատճառով յառաջացող գնանկումը (déflation), որ կրնայ հասնիլ մինչեւ 0,6 տոկոսի: Խնդիրներ կան նաեւ Ռուսաստանէն ներածումներու պարագային։

Կեդրոնական դրամատունն ու կառավարութիւնը արդէն տնտեսութեան աջակցութեան ծրագրեր կը մշակեն։ Յիշեցնենք, որ Ռուսաստան այս արգելքները կիրարկած էր Հայաստանի Յունիս 7-ի խորհրդարանական ընտրութիւններէն առաջ։ Այս քայլին ի պատասխան, Եւրոպական Միութիւնը յայտարարեց 50 միլիոն եւրօ հրատապ աջակցութիւն տրամադրելու եւ հայկական արտադրանքին համար նոր շուկաներ բանալու իր որոշումին մասին՝ Մոսկուայի գործելաոճը որակելով «տնտեսական հարկադրանք»։