Ազերպայճանի մէջ պահուող հայ գերիներ. կիներու զօրաշարժը

13a1e72a-5477-2cf5-d5c9-22cecde82106

2023-ի սեպտեմբերեան ցեղային զտումէն ի վեր, 19 հայեր, որոնց շարքին՝ Արցախի Հանրապետութեան 8 նախկին ղեկավարներ, կը մնան բանտարկուած Պաքուի մէջ (Ազերպայճան)՝ ամբողջովին զրկուած տեսակցութեան իրաւունքէ։ Անոնք աւելի քան երեք տարիէ ի վեր չեն տեսած իրենց հարազատները։

Այս ծանր կացութեան դիմաց, գործարար, հայ բարերար եւ Արցախի նախկին Պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի կինը՝ Վերոնիքա Զոնապենտ կը նախաձեռնէ մարդասիրական յատուկ արշաւի մը։

Նախաձեռնութեան նպատակն է կազմել բացառապէս կիներէ բաղկացած միջազգային մարդասիրական պատուիրակութիւն մը, որ պիտի մեկնի Պաքու՝ իր զօրակցութիւնը յայտնելու հայ բանտարկեալներուն եւ անոնց յանձնելու աջակցութեան նամակներ, լուսանկարներ ու հարազատներու պատգամներ։

«Արցախի աջակցութեան ընկերակցութիւն»-ը (L’Association de Soutien à l’Artsakh) լիովին կը զօրակցի այս քայլին եւ կոչ կ՚ուղղէ ֆրանսացի բոլոր կին քաղաքական գործիչներուն, ընտրեալներուն, միութենական ղեկավարներուն, մտաւորականներուն, արուեստագէտներուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ու Արցախի բարեկամ բոլոր կիներուն՝ իրենց աջակցութիւնը յայտնելու այս մարդասիրական նախաձեռնութեան։

Կրնաք ձեր մասնակցութիւնը բերել՝ որեւէ լեզուով աջակցութեան նամակ մը յղելով հետեւեալ ելեկտրոնային հասցէին. letters@freearmenianprisoners.com ։ Կ՚ապաւինինք ձեզի՝ այս նախաձեռնութիւնը ձեր շրջապատին մէջ տարածելու համար։

Տիկին Վերոնիքա Զոնապենտի ամբողջական ուղերձը (անգլերէն) կարդալու համար՝ սեղմել հոս։