Թրամփ «կը պատրաստուի յառաջիկայ շաբաթներուն ընդունելու Փաշինեանն ու Ալիեւը»
Թուրքիոյ դիւանագիտական գերատեսչութեան պետ Հաքան Ֆիտան Յունիս 15-էն 17 աշխատանքային այցելութեամբ մեկնեցաւ Մոսկուա։ Ըստ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան, կողմերը քննարկեցին Միջին Արեւելքի լարուած իրավիճակն ու Հարաւային Կովկասի մէջ համագործակցութեան հեռանկարները։ Մոսկուա յատկապէս վերահաստատեց «3+3» (Հայաստան-Վրաստան-Ազերպայճան-Ռուսաստան-Թուրքիա-Իրան) բանակցային ձեւաչափի կարեւորութիւնը։
Իլհամ Ալիեւի խորհրդական Հիքմեթ Հաճիեւ Հայաստան այցելած էր խորհրդարանական ընտրութիւններէն մէկ շաբաթ ետք՝ ճիշդ այն օրը, երբ Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբը կը յայտարարէր քուէարկութեան վերջնական արդիւնքները։ Այս քայլը անկասկած խորհրդանշական է եւ կը վկայէ ի նպաստ խաղաղութեան եւ երկխօսութեան Ազերպայճանի յանձնառութեան մասին՝ առնուազն հրապարակային յայտարարութիւններու մակարդակով։
Ազերպայճանի նախագահի խորհրդականին Հայաստան կատարած այցելութիւնը նախորդեց ռուս-թրքական բանակցութիւններուն։ Կարելի է ենթադրել, որ Պաքուի այս քայլը համադրուած էր Անգարայի հետ։ Ճիշդ է, Քառասունչորսօրեայ պատերազմէն ետք Թուրքիա Հարաւային Կովկասի մէջ առաջարկած էր համագործակցութիւն մը՝ «3+3» ձեւաչափով, սակայն հետագայ իրադարձութիւնները այնպէս մը դասաւորուեցան, որ Անգարա տարածաշրջանին մէջ իր ներկայութիւնը ապահովելու համար, որոշ իմաստով, «այլեւս Մոսկուայի հաւանութեան կարիքը չունի»։
Ազերպայճանական «Աթլաս» վերլուծական կեդրոնի տնօրէն Էլխան Շահինօղլու շատ ուշագրաւ տեսակէտ մը յայտնեց Հիքմեթ Հաճիեւի Հայաստան կատարած այցելութեան եւ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի հետ անոր ունեցած բանակցութիւններուն վերաբերեալ։ Ըստ անոր, քանի որ Հայաստանի մէջ սահմանադրական հանրաքուէի մը կազմակերպումը «դժուար» է, անհրաժեշտ էր, որ կողմերը «քննարկէին խաղաղութեան պայմանագիրի կնքման եղանակները»։ Շահինօղլու կը նկատէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահը «վճռականօրէն» կողմնակից է Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ խաղաղութեան հաստատման եւ կը պատրաստուի յառաջիկայ շաբաթներուն Ուաշինկթընի մէջ ընդունելու երկու երկիրներու ղեկավարները։
Յառաջիկայ օրերուն, անկասկած, յայտնի պիտի դառնայ, թէ ազերպայճանցի փորձագէտին յառաջ քշած այս տեղեկութիւնները հաւաստի՞ էին, թէ՞ ոչ։ Յամենայն դէպս, նախ եւ առաջ, կարեւոր է, որ Ազերպայճան գիտակցի Հայաստանի հետ խաղաղութեան պայմանագիրի կնքման պայմանները քննարկելու անհրաժեշտութեան։ Պէտք է ենթադրել, որ Հաքան Ֆիտան դիւանագիտական կերպով տեղեակ պահած ըլլալու է Սերկէյ Լաւրովը, որ Հարաւային Կովկասի մէջ «3+3» համագործակցութեան ձեւաչափը այլեւս կորսնցուցած է իր այժմէականութիւնը։
