Հա­յաս­տա­նէն 162 թոն ծի­րան ար­տա­ծուած է Ուքրաինա եւ Վրաս­տան

Ծիրան

Նկա­տի ու­նե­նալով հայ­կա­կան ապ­րանքնե­րուն դէմ Ռու­սաստա­նի կի­րար­կած նե­րած­ման սահ­մա­նափա­կումներն ու ար­գելքնե­րը՝ նոր շու­կա­ներու ի յայտ գա­լուն վե­րաբե­րող լու­րե­րը կը դառ­նան յատ­կա­պէս ու­շագրաւ եւ կա­րեւոր։

Այսպէս, Յու­նիս 1-էն 17 եր­կա­րող ժա­մանա­կահա­տուա­ծին, Հա­յաս­տա­նէն դէ­պի նոր շու­կա­ներ ար­տա­ծուած է 411 թոն ջեր­մատնա­յին (serres) բան­ջա­րեղէն ու ելակ, ինչպէս նաեւ շուրջ 1,8 մի­լիոն հատ ծա­ղիկ։ Այս մա­սին յայտնած է Հա­յաս­տա­նի Տնտե­սու­թեան նա­խարար Գէորգ Պա­պոյեան՝ Կա­ռավա­րու­թեան Յու­նիս 18-ի նիս­տին։

Ըստ ծա­ւալ­նե­րու՝ ար­տածման աշ­խարհագ­րութիւ­նը կ՚ընդգրկէ հե­տեւ­եալ եր­կիրնե­րը. Վրաս­տան, Ուզպե­քիս­տան, Արա­բական Միացեալ Էմի­րու­թիւններ (ԱՄԷ), Իրան, Ուքրաինա, Պուլկա­րիա, Կիպ­րոս, Լաթ­վիա, Ռու­մա­նիա, Չե­խիա, Աւստրիա, Նե­տեր­լանտներ, Ֆրան­սա, Պե­լառուս եւ Ղա­զախստան։

Նա­խարա­րին հա­մաձայն՝ սկիզբ առած է նաեւ ծի­րանի ար­տա­ծու­մը. “Ար­դէն 162 թոն ծի­րան ար­տա­ծած ենք. երէկ առա­ջին խմբա­քանակ­նե­րը ու­ղարկուեցան Ուքրաինա եւ Վրաս­տան”,– տե­ղեկա­ցու­ցած է ան։