Հայկական եւ ազերպայճանական ընկերութիւնները համացանցային փոխադարձ տարանցման պայմանագիր կնքած են

Համաձայնագիր-2

Աննախադէպ գործարք հեռահաղորդակցութեան ոլորտին մէջ

Հայկական «Տելեկոմ Արմենիա» (Team Telecom Armenia) եւ ազերպայճանական «Ազերթելեքոմ» (AzerTelecom) ընկերութիւնները Յունիս 22-ին ստորագրած են առեւտրային համաձայնագիր մը՝ համացանցային հոսքի (trafic Internet) փոխադարձ տարանցման վերաբերեալ։

Ըստ պայմանագրին, կողմերը պիտի օգտագործեն մէկզմէկու ենթակառոյցները՝ տարածաշրջանէն ներս կապուղիները բազմազանեցնելու եւ համացանցային կապի կայունութիւնը բարձրացնելու նպատակով։ Գործարքի հիմնական դրոյթներով կը նախատեսուի փոխադարձ տարանցում. ազերպայճանական կողմը իր ենթակառոյցներուն միջոցաւ համացանցային կապ պիտի մատակարարէ Հայաստանին, իսկ հայկական կողմը տարանցում պիտի ապահովէ դէպի Ազերպայճան եւ Նախիջեւան ուղղուող հոսքին համար։ Այս ծրագիրը կոչուած է երաշխաւորելու կապուղիներու անխափանութիւնը եւ ընդլայնելու միջազգային երթեւեկի աշխարհագրութիւնը։

Մինչ մասնագէտներու մէկ մասը այս համաձայնագիրը կը դիտարկէ իբրեւ տարածաշրջանային ենթակառուցային համարկման եւ խաղաղութեան գործընթացին միտող գործնական քայլ, տեղեկատուական անվտանգութեան շարք մը փորձագէտներ լուրջ մտահոգութիւն կը յայտնեն հնարաւոր «մեթա-տուեալներու» (metadata) վերլուծութեան եւ հոսքի վերահսկման վտանգներուն գծով։

Ինչպէ՞ս պաշտպանել անձնական տուեալները

Այս նոր իրականութեան լոյսին տակ, անձնական տուեալներու պաշտպանութիւնը ապահովելու համար, տեղեկատուական անվտանգութեան մասնագէտները կը թելադրեն հետեւեալ հիմնական քայլերը.

  • Օգտագործել որակեալ VPN. ան ամբողջութեամբ կը ծածկագրէ ձեր համացանցային երթեւեկը՝ թոյլ չտալով տարանցիկ մատակարարներուն (opérateurs) տեսնել, թէ ո՛ր կայքէջերը կ՚այցելէք։
  • Ստուգել HTTPS կապը. միշտ ստուգեցէք, որ ձեր այցելած կայքէջերը ունին կղպանքի նշանը (HTTPS), ինչ որ կը պաշտպանէ ձեր մուտքագրած տուեալները (գաղտնաբառեր, հաղորդագրութիւններ)՝ «ճամբուն վրայ» ընդհատուելէ կամ կարդացուելէ։
  • Կիրարկել պաշտպանուած հաղորդակցութեան ծրագրեր. Նախապատւութիւնը տուէք ծայրէ-ծայր ծածկագրում (chiffrement de bout en bout) ունեցող յաւելուածներուն (ինչպէս՝ Signal կամ WhatsApp), որոնց բովանդակութիւնը անհասանելի է երրորդ կողմերու։
  • Խուսափիլ DNS-ի արտահոսքէ. օգտագործեցէք անվտանգ DNS սպասարկիչներ (օրինակ՝ Cloudflare 1.1.1.1 կամ Google DNS)՝ ձեր որոնումներու պատմութիւնը տարանցիկ մատակարարներէն գաղտնի պահելու համար։