Յոյսի նշոյլներ
Հակառակ Իսրայէլի կամքին, Իրան յաջողեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն պարտադրել, որ իր դէմ սանձազերծուած պատերազմը աւարտի ի՛ր թելադրած պայմաններով՝ առանց որեւէ զիջում կատարելու այն պահանջներուն նկատմամբ, որոնք դրդած էին Իսրայէլն ու ԱՄՆ-ն յարձակելու իր վրայ. անոնք են՝ հարստացուած իւրանիումի արտադրութեան կասեցումը, անոր պահեստներուն ոչնչացումը եւ միջցամաքային հրթիռներու շինութեան արգելքը… Փոխարէնը՝ Իրան ԱՄՆ-ին պարտադրեց իր պայմանները. բոլոր ճակատներուն վրայ՝ յատկապէս հարաւային Լիբանանի մէջ իսրայէլեան յարձակումներու կասեցում, Իրանի ինքնիշխանութեան դէմ սպառնալիքներու դադրեցում, Արեւմուտքի մէջ Իրանի սառեցուած պետական դրամագլուխի վերադարձ, պատերազմին պատճառով վնասուած ենթակառոյցներու վերանորոգման համար 300 միլիառի չափով ներդրում, եւ վերջապէս՝ Հորմուզի նեղուցի վերահսկում եւ նաւերու տարանցումէն տուրքի գանձում։
Պատերազմի դաշտին վրայ ձեռք բերուած յաջողութիւններուն շնորհիւ, Իրան կրցաւ խարխլել Իսրայէլ-ԱՄՆ ռազմավարական յարաբերութիւնները։ Տակաւին կանուխ է այս երկու դաշնակիցներու փոխյարաբերութիւններու ապագայ զարգացման ուղղութիւնը ճշդել, այսուհանդերձ, ներկայ հանգրուանին, Իրան-ԱՄՆ խաղաղութեան շուրջ բանակցութիւնները Իսրայէլը կը զրկեն իր գլխաւոր զինակիցի նեցուկէն։ Միջազգային հարթակի վրայ Իսրայէլի մեկուսացումը անհերքելի է։
Իսրայէլեան յարձակումներու ժամանակաւոր արգելակումը կամ նուազումը դրական հետեւանքներ պիտի ունենայ տարածաշրջանի երկիրներուն համար. երկիրներ, որոնք տարիներ շարունակ ապրած են պատերազմի մթնոլորտի մէջ՝ միշտ ունենալով ռազմական գործողութիւններու վտանգի վախը։
Սփիւռքահայութեան համար եւս խաղաղութիւնը պիտի ունենայ իր բարենպաստ հետեւանքները։ Մանաւանդ այն համայնքներուն համար, որոնք կը գտնուին անմիջապէս Իսրայէլի յարձակումներուն ենթակայ երկիրներու մէջ (ինչպէս՝ Լիբանան, Սուրիա, Իրան…), ինչպէս նաեւ անուղղակիօրէն ազդուող շրջակայ երկիրներու մէջ (Իրաք, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, Քուէյթ, Քաթար…)։ Ասիկա կը վերաբերի նաեւ նոյնինքն Սաղիմահայութեան ու Իսրայէլի հայ գաղութին, որոնք ենթակայ են թէ՛ իրանական միջցամաքային հրթիռներու յարձակումին, եւ թէ՛ Իսրայէլի ծայրայեղական ու ցեղապաշտ կուսակցութիւններու ատելավառ վերաբերումին։
Անցեալին, Միջին Արեւելքի մէջ հաստատուած ու բարգաւաճած այս համայնքները տարիներու ընթացքին՝ պատերազմէ-պատերազմ տկարացան եւ անոնց անդամներէն շատեր լքեցին իրենց ծննդավայրը։ Բայց շատեր ալ կառչեցան, պայքարեցան, կապուած մնացին իրենց ստեղծած միջավայրին, ընտանիքին, տունին, գործին, եկեղեցիին, դպրոցին, ակումբին…
Եթէ իրավիճակը կայունանայ եւ խաղաղութիւն հաստատուի, անոնցմէ շատերը տրամադիր են վերադառնալու իրենց ծննդավայրը՝ մասամբ վերագտնելու իրենց ունեցուածքը եւ վերականգնելու իրենց անցեալի փառքն ու աշխատանքը։ Ամէն պարագայի, հիմնականին մէջ, խաղաղութիւնը մեծագոյն նուէրը պիտի ըլլայ Միջին Արեւելքը չլքած մեր հայրենակիցներուն համար։
Հայկական Սփիւռքի հնագոյն գաղութները անոր ինքնութեան կարեւոր յենարաններն են։ Անոնց աշխուժութիւնն ու կենսունակութիւնը կը կենսաւորեն սփիւռքահայ այլ գաղութներ։ Յատկապէս աւանդական ու արեւմտահայ Սփիւռքին համար՝ թթուածինի նման կենսական է միջինարեւելեան հայ գաղութներու վերականգնումը։
Որքան որ Հայաստանի համար էական է խաղաղութեան հաստատումը՝ հայաստանցի մեր հայրենակիցներու արտագաղթի հոսքը կասեցնելու եւ Հայաստան աշխարհը բարգաւաճ դարձնելու համար, նոյնքան ալ խաղաղութիւնը էական է Միջին Արեւելքի հայութեան համար։
Նախքան պատերազմը, Հայաստան յաջող դիւանագիտական կապեր հաստատած էր Ծոցի երկիրներուն հետ։ Խաղաղութիւնը նպաստաւոր պայմաններ պիտի ստեղծէ տնտեսական ու դիւանագիտական կապերու հետագայ զարգացման համար, որուն մէջ էական դերակատարութիւն կը վիճակի նաեւ տեղւոյն հայ համայնքներուն։
Ժ.Չ. ■
