«Վահագն Վիշապաքաղ» յուշարձանը վերաբացուած է Երեւանի կեդրոնը
Քանդակագործ Կառլէն Նուրիջանեանի կերտած հայոց դիցաբանութեան ռազմի, քաջութեան եւ յաղթանակի գերագոյն աստուած «Վահագն Վիշապաքաղ»-ի արձանը վերադարձած է Երեւանի կեդրոն եւ պաշտօնապէս վերաբացուած է Ռուսաստանի հրապարակին վրայ։
Երեւանի քաղաքապետարանի եւ Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի (ԿԳՄՄ) նախարարութեան միացեալ նախաձեռնութեամբ կեանքի կոչուած այս իրադարձութեան ներկայ գտնուած են նախարար Ժաննա Անդրէասեան, քաղաքապետ Տիգրան Աւինեան, փոխնախարար Ալֆրէտ Քոչարեան, քանդակագործին զարմուհին՝ Ռուզաննա Ադամեան եւ այլ պաշտօնատար անձեր։

Իր ելոյթին մէջ նախարար Անդրէասեան շեշտած է, որ մեր ժողովուրդին համար այսքան խորհրդանշական պատգամ պարունակող կոթողը վերջապէս գտած է իր մնայուն տեղը եւ պէտք չէ շարունակէր «դեգերիլ» մէկ վայրէն միւսը։ Ան նաեւ յիշեցուցած է, որ նախարարութեան նոր նախաձեռնութեամբ՝ իւրաքանչիւր դպրոցի կամ աշակերտական խումբի պիտի վստահուի իրենց շրջանին մէջ գտնուող պատմական յուշարձան մը։ Այս ծրագիրին ծիրէն ներս, աշակերտները յանձն պիտի առնեն անմիջական հոգածութիւն ցուցաբերել այդ յուշարձաններուն նկատմամբ՝ աշխուժօրէն մասնակցելով անոնց մաքրութեան, պահպանման եւ ընդհանուր վիճակի վերահսկողութեան աշխատանքներուն։ Նախարարուհին միաժամանակ վստահութիւն յայտնած է, որ «Վահագն Վիշապաքաղ»-ի յուշարձանն ալ պիտի պահպանուի այնպէս, ինչպէս արժանի է։

Քաղաքապետ Տիգրան Աւինեան ընդգծած է, որ ազգային արժանապատւութիւնն ու յաղթանակը խորհրդանշող արժէքները պէտք է իրենց արժանի տեղը ունենան մայրաքաղաքին կեդրոնը՝ միաժամանակ արժեւորելով Նուրիջանեանի ստեղծագործական մեծ վաստակը։ Արձանի հեղինակին զարմուհին՝ Ռուզաննա Ադամեան, ընտանիքին անունով խորին շնորհակալութիւն յայտնած է՝ մաղթելով, որ Վահագնի ուժն ու քաջութիւնը սփռուին ամբողջ հայ ժողովուրդին վրայ։
Նշենք, որ «Վահագն Վիշապաքաղ» արձանը ստեղծուած է 1968 թուականին եւ սկզբնապէս տեղադրուած՝ Մաշտոցի պողոտային վրայ (1969-ին)։ Հետագայ տասնամեակներուն անիկա բազմիցս փոխած է իր վայրը՝ յայտնուելով Նկարիչներու միութեան մերձակայքը, ապա՝ Էջմիածնի խճուղիին վրայ, իսկ 2004-էն ի վեր կը գտնուէր Երեւան-Էջմիածին մայրուղիի կամուրջին մօտ։
