Ո՞վ է Ռազմիկ Յովակիմեանը՝ հայազգի գործարարը, որ կը կառավարէ Լիոնէլ Մեսիի ներդրումները

Մեսի

Մինչ Լիոնէլ Մեսի կը շարունակէ փայլիլ 2026-ի Համաշխարհային բաժակի մրցաշարքին մէջ, ֆութպոլի դաշտերէն հեռու՝ ուշադրութեան կեդրոնը կը գտնուի հայազգի գործարար Ռազմիկ Յովակիմեանը։ Ան 2022-ին հիմնադրուած «Play Time» ընկերութեան համահիմնադիրն ու գործադիր տնօրէնն է, որուն վստահուած է արժանթինցի աստղին ներդրումներուն կառավարումը արհեստագիտութեան, մարզանքի եւ լրասփիւռներու ոլորտներուն մէջ։

Գահիրէ, հայկական ընտանիքի մը ծոցին մէջ ծնած եւ պատանեկութեան տարիներուն ԱՄՆ գաղթած Յովակիմեան, մինչեւ Մեսիի գլխաւոր գործընկերը դառնալը, արդէն իսկ հարուստ փորձառութիւն ունէր Սիլիքոնեան հովիտին մէջ՝ որպէս արհեստագիտական ոլորտի ներդրող եւ ճափոնական «Rakuten» ընկերութեան նախկին բարձրաստիճան պաշտօնեայ։ Ան Մեսիի ընտանիքին հետ ծանօթացած է 2017-ին, ինչ որ հետագային հիմք հանդիսացած է Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ հաստատուած «Play Time»-ի ստեղծման։

Յովակիմեանի գործունէութիւնը Սիլիքոնեան հովիտէն անդին՝ կը տարածուի նաեւ Հայաստանի մէջ։ 2025-ին ան Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստացած է եւ դարձած երկրի արհեստագիտական մեծագոյն ծրագրերէն մէկուն՝ Նուպար Աֆէեանի եւ «NVIDIA»-ի կողմէ հովանաւորուող «Firebird AI» նախաձեռնութեան գլխաւոր մղիչ ուժերէն մէկը, որուն նպատակն է հարիւրմիլիոնաւոր տոլարներու ներդրումով Հայաստանը վերածել արհեստական բանականութեան (AI) տարածաշրջանային կեդրոնի։

Յատկանշական է նաեւ, որ 2024 Հոկտեմբերին Ռազմիկ Յովակիմեան Լիոնէլ Մեսիի եղբօր՝ Ռոտրիկօ Մեսիի հետ այցելած էր Երեւանի «Թումօ» ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոն՝ մօտէն ծանօթանալու հայկական կրթական այս բացառիկ համակարգին։