Պաքուն Փարիզը կը մեղադրէ «ի նպաստ Հայաստանի կողմնակալութեան» մէջ

Ֆրանսա

Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը խստօրէն քննադատած է Ֆրանսայի դիւանագիտութիւնը՝ զայն մեղադրելով յօգուտ Հայաստանի կողմնակալութիւն ցուցաբերելու յանցանքով։

Այս արձագանգը յաջորդած է Ֆրանսայի Ազգային ժողովի երեսփոխան Էլիզա Մարթէնի գրաւոր հարցումին եւ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութեան Յունիս 23-ին հրապարակած պաշտօնական պատասխանին, ուր Փարիզ վերահաստատած է իր յանձնառութիւնը՝ պաշտպանելու Արցախէն բռնի տեղահանուած հայերու վերադարձի իրաւունքը, հասնելու Պաքուի մէջ պահուող հայ գերիներու ազատ արձակման եւ պահպանելու հայկական կրօնական ու մշակութային ժառանգութիւնը։

Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Այխան Հաճիզատէ յայտարարած է, որ Պաքուն «վճռականապէս կը մերժէ եւ կը դատապարտէ» Ֆրանսայի այս «անհիմն պնդումները»։ Նախորդող հաղորդագրութիւններուն մէջ Հաճիզատէ արդէն իսկ «հեգնական» որակած էր հայկական մշակութային ժառանգութեան պահպանման մասին Փարիզի մտահոգութիւնները եւ, ուշադրութիւնը շեղելու նպատակով, յարձակում գործած Ֆրանսայի մարդկային իրաւանց յայտարարութեան վրայ՝ յիշատակելով Նոր Գալետոնիոյ դէպքերը։

Պաքու կը պնդէ, որ Փարիզի յամառումը Հայաստանի հետ պաշտպանական գործակցութեան վրայ եւ անոր աջակցութիւնը Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան (EUMA) ցոյց կու տան, որ Ֆրանսա հեռու է տարածաշրջանին մէջ չէզոք ըլլալէ։ Ըստ Հաճիզատէի, ռազմական գործակցութեան ընդլայնումն ու զէնքի մատակարարումը «կը քաջալերեն վրէժխնդրական տրամադրութիւնները եւ կը վնասեն յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին»։

Բանբերը եզրափակած է, որ Ֆրանսա կը դժուարանայ ընդունիլ տարածաշրջանի «նոր իրողութիւնները» ու կը շարունակէ առաջնորդուիլ հինցած եւ միակողմանի մօտեցումներով, ինչ որ լուրջ վնաս կը հասցնէ Փարիզի՝ վստահելի գործընկերոջ հեղինակութեան։

Այս հռետորաբանութիւնը Իլհամ Ալիեւի վարչակարգի այն ծանօթ ռազմավարութեան մէկ մասն է, որուն նպատակն է «կանխակալ» պիտակաւորել եւ վարկաբեկել հայերու դէմ իրագործուած ցեղային զտման հետեւանքները դատապարտող որեւէ միջազգային դիրքորոշում։