«Արեւմտեան Ազերպայճան»-ին նուիրուած փառատօն
Ազերպայճան կրկին տարածքային պահանջներ ներկայացուցած է Հայաստանի նկատմամբ՝ «Արեւմտեան Ազերպայճան»-ին նուիրուած փառատօնի ընթացքին
Յունիս 22-ին Ազերպայճանի Կէօյկէօլ (Göygöl) շրջանին մէջ տեղի ունեցած է այսպէս կոչուած «Արեւմտեան Ազերպայճանի համայնք»-ի կազմակերպած փառատօնը, որուն մասնակցած են պետական պաշտօնեաներ եւ երեսփոխաններ։ Ձեռնարկին ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութեան քարտէսը ցուցադրուած է որպէս «Արեւմտեան Ազերպայճան»՝ նպատակ ունենալով խթանել՝ հայկական ինքնիշխան տարածքներ ազերպայճանցիներու «վերադարձի» Պաքուի քաղաքականութիւնը։
Փառատօնին ցուցադրուած են Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակի, Նորավանքի եւ Հայաստանի այլ վայրերու լուսանկարներ, ինչպէս նաեւ հայկական մշակութային տարրեր՝ ներառեալ Քոչարի պարը, որոնք իւրացուած եւ ներկայացուած են որպէս ազերպայճանական ժառանգութիւն։
Կառոյցի նախագահ Ազիզ Ալեքպերլին յայտարարած է, որ իրենց նպատակը միլիոնաւոր ազերպայճանցիներու «անվտանգ եւ արժանապատիւ վերադարձն է» իրենց «պատմական հողերը»՝ վկայակոչելով նախագահ Իլհամ Ալիեւի ուղղակի հովանաւորութիւնը այս ծրագրին։
Ինչպէս կը նախազգուշացնէ ազերպայճանագէտ Տաթեւիկ Հայրապետեան, այս փառատօնը պարզ ձեռնարկ մը չէ, այլ Հայաստանի դէմ ուղղուած պետական յարձակողապաշտ հայեցակարգի մէկ մասն է՝ ապագայ տարածքային յաւակնութիւնները օրինականացնելու համար։
Յիշեցնենք, որ Ալիեւի վարչակարգը տեւաբար «պատմական ազերպայճանական հողեր» կը համարէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներ, ներառեալ մայրաքաղաք Երեւանը, եւ այդ հողերուն վրայ ազերպայճանցիներու բնակեցումը կը ներկայացնէ որպէս «մնայուն խաղաղութեան» հասնելու նախապայման։
Փաշինեան. «“Արեւմտեան Ազերպայճան“-ի խօսոյթը հայելային արձագանգէ Արցախեան շարժումը շարունակելու փորձերուն»
Այս զարգացումներու ծիրին մէջ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին անդրադարձած է Պաքուի կողմէ «Արեւմտեան Ազերպայճան»-ի նիւթին աշխուժացման՝ զայն որակելով պարզապէս «հայելային արձագանգ» (փոխադարձ հակազդեցութիւն)։
Վարչապետը նշած է, որ քանի տակաւին Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ Արցախի դրօշներ կան եւ Սփիւռքի կառոյցները (յատկապէս մատնանշելով Միացեալ Նահանգներու դաշնակցական լոպիինկը) կը փորձեն օրակարգի վրայ պահել Արցախեան շարժումը, Պաքուն հայելային կերպով պիտի արձագանգէ նման պահանջներով։
“Հայաստանի ժողովուրդը իր քուէով ըսած է, որ Ղարաբաղեան շարժումը աւարտած է։ Զայն վերսկսելու որեւէ փորձ պիտի գնահատուի որպէս ժողովուրդը նոր արկածախնդրութեան մէջ ներքաշելու քայլ եւ օրէնքի սահմաններուն մէջ պիտի կասեցուի մեր կողմէ”,– յայտարարած է Փաշինեան։
Երեւան կը վստահեցնէ, որ այսպէս կոչուած «արեւմտեան ազերպայճանցիներու» հարց Պաքուի հետ բնաւ չէ քննարկուած։ Վարչապետը ընդգծած է, որ խաղաղութեան հաստատումով կը փակուին երկու հարցերն ալ. “Մենք փակելով 500 հազար հայերու Ազերպայճան վերադառնալու հարցը՝ ատով իսկ փակած ենք ազերպայճանցիներու վերադառնալու հարցը”։
