Ուաշինկթընի մէջ Իրաքի դեսպան առաջադրուած է Գրիգոր Տէր Յակոբեան
Իրաք Միացեալ Նահանգներու մէջ իր յաջորդ դեսպանի պաշտօնին համար առաջադրած է հայազգի փորձառու դիւանագէտ եւ վարչապետ Ալի ալ-Զէյտիի աւագ խորհրդական Գրիգոր Տէր Յակոբեանը։ Սա կրնայ պատմական տեղաշարժ մը նկատուիլ Պաղտատի արտաքին քաղաքականութեան եւ Ուաշինկթընի հետ յարաբերութիւններուն մէջ։
Տարածաշրջանի դիւանագէտները հաստատած են այս առաջադրումը՝ զայն որակելով որպէս Միացեալ Նահանգներու հետ կապերը ամրապնդելու եւ աւանդական անվտանգութեան հարցերէն անդին՝ գործակցութիւնը ընդլայնելու Իրաքի աւելի ընդգրկուն ջանքերուն մէկ մասը։ ԱՄՆ-ու վարչակազմին կողմէ հաստատուելու պարագային, Տէր Յակոբեան պիտի դառնայ տասնամեակներու ընթացքին Ուաշինկթընի մէջ Իրաքի առաջին ոչ-շիի դեսպանը։
