Իսրայէլի կառավարութիւնը հաւանութիւն տուած է Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու օրինագիծին
Իսրայէլի կառավարութիւնը Յունիս 28-ին միաձայնութեամբ հաւանութիւն տուած է Հայոց ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս ճանչնալու՝ երկրի Արտաքին գործոց նախարար Կիտէոն Սաարի ներկայացուցած օրինագիծին։ Այս մասին կը տեղեկացնէ իսրայէլեան «Հաարէց» (Haaretz) օրաթերթը։
«Երբեք ուշ չէ ճիշդ քայլի դիմելու համար»,– կառավարութեան նիստի ընթացքին յայտարարած է Կիտէոն Սաար։
Լրասփիւռը կը նշէ, որ գործադիր մարմինը այս որոշումին մասին պաշտօնապէս տեղեակ պիտի պահէ Քնեսեթը (Իսրայէլի խորհրդարանը) եւ պիտի ձգտի Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը ընդգրկել օրէնսդիր մարմինի լիագումար նիստի քուէարկութեան օրակարգին մէջ։
Նշենք, որ նախապէս Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման այս օրինագիծին իր զօրակցութիւնը յայտնած էր նաեւ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն։
Թուրքիոյ անմիջական արձագանգը Իսրայէլին
Նոյն օրն իսկ՝ Յունիս 28-ին, յաջորդած է Թուրքիոյ հակազդեցութիւնը. Արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ կ՚ըսուի․-
«Ամբողջ աշխարհի աչքին առջեւ պաղեստինցի ժողովուրդին դէմ համակարգուած բռնաճնշումներ գործադրող եւ Կազայի բնակչութեան նկատմամբ ցեղասպանութիւն գործելու մեղադրանքով Միջազգային արդարադատութեան դատարանին առջեւ կանգնած Իսրայէլի կառավարութիւնը, 1915-ի իրադարձութիւններուն վերաբերեալ իր ընդունած քաղաքական որոշումով նպատակ ունի քօղարկելու իր սեփական ոճիրները։
Իրաւական եւ պատմական հիմքերէ զուրկ այս չարամիտ նախաձեռնութիւնը նաեւ ցոյց կու տայ այն անելանելի կացութիւնը, որուն մէջ յայտնուած են Նեթանիահուն եւ անոր մեղսակիցները։ Յիշեցնենք, որ անոնց դէմ Միջազգային պատժական ատեանին մէջ, պաղեստինցիներուն դէմ գործուած ոճիրներու քննութեան ծիրէն ներս, ձերբակալման հրամանագիր գոյութիւն ունի։
Թուրքիան վճռակամօրէն պիտի շարունակէ աշխատիլ, որ վերջ տրուի Իսրայէլի կողմէ տարածաշրջանին մէջ վարուող ծաւալապաշտական ու ապակայունացնող քաղաքականութեան, եւ որ Նեթանիահուի կառավարութիւնը՝ յատկապէս պաղեստինցի ժողովուրդին ու խաղաղ բնակչութեան դէմ գործած ոճիրներուն համար, պատասխանատւութեան ենթարկուի օրէնքին առջեւ»։
Ուշացած «արդարութի՞ւն», թէ՞ քաղաքական հաշուարկ
Իսրայէլեան քայլերն ու չափաւոր խանդավառութեան հրամայականը
Երբ միջազգային քաղաքական բեմահարթակի վրայ պատմական արդարութեան վերականգնումը կը խաչաձեւուի օրուան աշխարհաքաղաքական շահերուն հետ, խիստ անհրաժեշտ կը դառնայ զարգացումները արժեւորել ոչ թէ զգացական պոռթկումներով, այլ՝ պաղարիւն դատողութեամբ։ Ճիշդ այս համածիրին մէջ, Յունիս 28-ին, «քաղաքական մեկնաբան Նաթալի Ալեքսանեան» Դիմագիրքի իր էջին վրայ հանդէս եկած է խիստ դիպուկ, խորաթափանց եւ այժմէական վերլուծականով մը։
Հոս, փակագիծերու մէջ նշենք նաեւ, որ Նաթալի Ալեքսանեանի անձին իսկութեան եւ ինքնութեան շուրջ որոշ խաւար կը տիրէ։ Շատերու կարծիքով՝ այդ անունը պարզապէս դիմակ մըն է, որ կը գործածուի այլ անձի մը կամ շրջանակի մը կողմէ։ Սակայն, ինչ ալ ըլլայ այս հարցադրման իրական պատասխանը, մենք շահեկան կը գտնենք հոն արտայայտուած միտքերը։ Բաժնելով հեղինակին տեսակէտն ու մտահոգութիւնները՝ ստորեւ կ՚արտատպենք այդ ուշագրաւ գրութիւնը՝ զայն արեւելահայերէնէ վերածելով արեւմտահայերէնի։
Կ՚արժէ նաեւ ընդգծել, որ չենք գիտեր ինչո՛ւ, խնդրոյ առարկայ գրառումը Դիմագիրքի վրայ հրապարակուած է հայերէնի կողքին ԹՐՔԵՐԷՆ-ով ալ, եւ թրքերէն բովանդակութիւնը կը հնչէ աւելի՛ բնագրային ու ճիշդ, քան հայերէնը… այն աստիճան, որ որոշ անհասկնալի դարձուածքներ «վերծանել» կարենալու համար դիմեցինք թրքերէն բնագրին եւ կատարեցինք որոշ «հպումներ».-
«Այսօր մամուլին մէջ լայն տարածում գտած է լուր մը, ուր կ՚ըսուի, թէ՝ «Իսրայէլը ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը»։ Հիմա մանրամասնեմ.
Նախ, Իսրայէլի կառավարութեան կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ ընդունուած օրինագիծը ներկայիս կը գտնուի խորհրդարանական հոլովոյթի հանգրուանին մէջ եւ տակաւին չի հանդիսանար վերջնական, իրաւական ուժ ունեցող պետական ճանաչում։ Անիկա յղուած է Քնեսեթի լիագումար նիստին՝ վերջնական քննարկման համար, ուստի խօսքը կը վերաբերի գործընթացի մը եւ ոչ թէ՝ աւարտած որոշումի մը։
Իսրայէլի կողմէ այսօր բարձրացուող Հայոց ցեղասպանութեան նիւթը, քաղաքական յայտարարութիւններու մակարդակին վրայ, նախ եւ առաջ կը ստեղծէ ուշացած եւ ընտրովի դիրքորոշումի մը տպաւորութիւնը։
Տասնամեակներ շարունակ, երբ պատմական փաստը լայնօրէն յայտնի էր եւ փաստագրուած, Իսրայէլը պաշտօնական մակարդակի վրայ կը խուսափէր յստակ ձեւակերպումէն՝ ակնյայտօրէն նկատի ունենալով Թուրքիոյ հետ իր դիւանագիտական եւ ռազմավարական յարաբերութիւնները։ Այսօր նոյն նիւթին աշխուժացումը, յատկապէս տարածաշրջանային նոր քաղաքական վերադասաւորումներու լոյսին տակ, դժուար է դիտարկել լոկ որպէս բարոյական կամ պատմական քայլ. ասիկա բարոյական չէ այն պարագային, երբ Հայաստանի Հանրապետութիւնն ու Թուրքիան կը փորձեն խաղաղութեան եզրեր գտնել։
Հետեւաբար բնական հարց կը ծագի. եթէ հարցը իսկապէս «բարոյական պարտք» էր, ապա ինչո՞ւ անիկա տարիներ շարունակ չէ բարձրացուած, եւ ինչո՞ւ կ՚աշխուժանայ ճիշդ հիմա։
Այս ծիրին մէջ նիւթը անխուսափելիօրէն կը ստանայ քաղաքական ենթահող՝ կապուած ոչ միայն պատմական արդարութեան, այլ նաեւ արտաքին քաղաքական շահերու փոփոխութեան հետ։
Արդեօք յարգելի Իսրայէլի պետութիւնը կը փորձէ Հայաստանը օգտագործելով՝ Թուրքիոյ մէջ ինքզինք դիրքաւորե՞լ (sic — «ՆՅ» — Այսինքն՝ միտքը այն է, թէ արդեօք Իսրայէլ Հայոց ցեղասպանութեան խաղաքարտը կը գործածէ պարզապէս Թուրքիոյ հետ իր յարաբերութիւններուն մէջ զիջումներ կորզելու, ճնշում բանեցնելու կամ իրեն համար աւելի նպաստաւոր դիրք ապահովելո՞ւ համար)։
Յ.Գ. Այդ պատճառով ալ նման յայտարարութիւնները պէտք է արժեւորել ոչ թէ որպէս ուշացած բարոյական յայտնութիւն, այլ՝ որպէս ժամանակի քաղաքական հաշուարկներու մաս։ Իսրայէլ լաւ հաշուարկ ըրած է, սակայն թոյլ պիտի չտանք. Հայաստանի հանրապետութիւնը օգտագործման նիւթ չէ Թուրքիոյ նկատմամբ դիրքաւորուելու համար (sic — «ՆՅ» — Վերոնշեալ նոյն տրամաբանութեամբ)։
Յաջորդիւ այսքան մեղմ պիտի չըլլամ»։
