Խուդաթեան եւ Ուրալօղլու քննարկած են տարածաշրջանային կապուղիներու զարգացման կարելիութիւնները
Պրիւսէլի մէջ կայացող «Կապուղիներու օրակարգի հարթակ»-ի ծիրէն ներս, Հայաստանի Տարածքային կառավարման նախարար Դաւիթ Խուդաթեան եւ Թուրքիոյ Փոխադրամիջոցներու նախարար Ապտիւլքատիր Ուրալօղլու հանդիպում մը ունեցած են՝ քննարկելով տարածաշրջանային հաղորդակցութեան ուղիներու զարգացման հեռանկարները։
Հայկական կողմի հաղորդագրութեան համաձայն՝ հանդիպումին ընթացքին կարեւոր նկատուած են երկաթուղային եւ ցամաքային ճամբաներու ապաշրջափակման ու ենթակառոյցներու ապահովման ուղղուած աշխատանքները։ Նախարարները անդրադարձած են նաեւ Անիի պատմական կամուրջի վերականգնման հարցին։
Թուրք նախարարը, իր կարգին, «X» ընկերային ցանցին վրայ կատարած գրառումով յայտնած է, որ տեսակցութեան ընթացքին արծարծուած են երկու երկիրներուն միջեւ անցեալին գործող երկաթուղային եւ ինքնաշարժի ճամբաներու վերականգնման հարցերը։ “Մեր երկրին մէջ անհրաժեշտ վերանորոգման աշխատանքներու սկսման զուգահեռ՝ արժեւորեցինք նաեւ հայկական կողմին կատարած նախապատրաստական աշխատանքները”,– նշած է Ուրալօղլու։
Նշենք, որ պրիւսէլեան այս հարթակին նպատակն է նպաստել Եւրոպայի, Հարաւային Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ միջեւ փոխադրամիջոցային ու ուժանիւթային կապերու ամրապնդման։
