Մարկարիթա Սիմոնեան

Մարգարիտա Սիմոնեան կ՚առաջարկէ ցմահ արգիլել Փաշինեանի համակիրներուն մուտքը Ռուսաստան

«RT» հեռատեսիլի կայանի գլխաւոր խմբագիր Մարգարիտա Սիմոնեան հանդէս եկած է աղմկայարոյց յայտարարութեամբ՝ առաջարկելով խստօրէն ստուգել Ռուսաստան մուտք գործող Հայաստանի քաղաքացիներուն ընկերային ցանցերու հաշիւները։ Խմբագրին գլխաւոր նպատակն է բացայայտել այն անձերը, որոնք Յունիս 7-ին Հայաստանի մէջ կայացած խորհրդարանական ընտրութիւններուն քուէարկած են վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին ի նպաստ։

Ան մասնաւորապէս շեշտած է, որ ընտրութիւններուն Փաշինեանին սատարած քաղաքացիներուն մուտքը Ռուսաստան պէտք է անյապաղ արգիլուի։

“Ես կ՚առաջարկեմ զանոնք բացայայտել ընկերային ցանցերու միջոցով։ Հիմա ատիկա շատ դիւրին է ընելը։ Սահմանապահները ատիկա կ՚ընեն սահմանին վրայ՝ մեծ հեշտութեամբ, թէ՛ հոս, թէ՛ Վրաստանի մէջ։ Փորձեցէք երթալ Վրաստան. եթէ ընկերային ցանցերու վրայ Աբխազիոյ կամ Օսեթիոյ մասին որեւէ բան հրապարակած էք, ձեզի թոյլ չեն տար ներս մտնել, այնպէս չէ՞։ Ուրեմն, ընկերային ցանցերու միջոցով բացայայտեցէ՛ք այն հայերը, որոնք կ՚աջակցին Փաշինեանին։ Եւ վե՛րջ. Ռուսաստան մուտքը անոնց համար արգիլուած է յաւիտեան։ Որովհետեւ եթէ դուք կ՚աջակցիք Փաշինեանին, ապա կ՚աջակցիք ռուսատեացութեան։ Իսկ եթէ դուք կ՚աջակցիք ռուսատեացութեան, կը նշանակէ, որ կ՚ատէք Ռուսաստանը”,– յայտարարած է Սիմոնեան։