Ազերպայճանի հրէական համայնքները կոչ ուղղած են Քնեսէթին
Ազերպայճանի մէջ գործող երեք հրէական համայնքներու առաջնորդները դիմած են Իսրայէլի խորհրդարանի (Քնեսէթ) անդամներուն՝ կոչ ուղղելով չաջակցելու Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերող նախաձեռնութեան։ Ստորագրուած դիմումին մէջ կը նշուի, որ յիշեալ նախաձեռնութիւնը կրնայ բացասաբար անդրադառնալ խաղաղութեան եւ կայունութեան այն գործընթացին վրայ, որ սկսած է ձեւաւորուիլ Հարաւային Կովկասի մէջ։
Դիմումին մէջ կ՚ընդգծուի, որ նման զգայուն պատմական հարցերու շուրջ երրորդ պետութիւններու առած քաղաքական քայլերը կրնան դժուարացնել խաղաղութեան հոլովոյթը եւ չնպաստել ժողովուրդներու միջեւ հաշտութեան, փոխըմբռնման ու վստահութեան ամրապնդման։ Համայնքներու առաջնորդները կը գտնեն, որ բարդ ու զգայուն պատմական իրադարձութիւնները պէտք է հանդիսանան պատմաբաններու եւ փորձագէտներու գիտական հետազօտութիւններու առարկայ, եւ ո՛չ թէ քաղաքական որոշումներու թիրախ։ Անոնց համոզումով՝ այս հարցերու քաղաքականացումը կրնայ անտեղի լարում ստեղծել Իսրայէլի անկեղծ բարեկամներու շրջանակին մէջ։
