Պանծալի կրթական հաստատութեան մը 100−ամեակը

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ

Մել­գո­նեան կրթա­կան հաս­տա­տու­թեան 100-րդ տա­րեդար­ձը տօ­նելու հա­մար՝ հա­րիւ­րէ աւե­լի մել­գո­նեան­ցի­ներ փու­թա­ցած էին Նի­կոսիա (Կիպ­րոս)։ Զար­մանք առ­թող երե­ւոյթ է դպրո­ցին փա­կու­մէն 20 տա­րի ետք դեռ տես­նել նախ­կին սա­ներու անխզե­լի կա­պուա­ծու­թիւնը, նուիրումն ու խան­դա­ղատան­քը իրենց կրթա­կան հաս­տա­տու­թեան հան­դէպ։ Շա­տերու հա­մար դպրո­ցը դար­ձած է իրենց ինքնու­թեան կերտման հիմ­նա­քարը, պա­տանե­կու­թեան ամե­նայի­շատա­կելի ժա­մանա­կաշրջա­նը։ Թէեւ անոնք Մել­գո­նեան հաս­տա­տու­թիւն գա­լով՝ իբ­րեւ գի­շերօ­թիկ աշա­կերտ, հե­ռացած են իրենց ծնող­նե­րէն, սա­կայն, կար­ծէք, այդ բա­ժանու­մը վե­րածուած է օրհնու­թեան։

Այս պա­րու­նա­կին մէջ եր­կու յատ­կա­նիշ եւս կա­րեւոր է յի­շել. առա­ջինը՝ նախ­կին սա­ներու իրա­րու հան­դէպ տա­ծած եղ­բայրա­կան զգա­ցումն է։ Մել­գո­նեան­ցի­ները մեծ ըն­տա­նիք մը կը կազ­մեն, իրա­րու կը վե­րաբե­րին քոյր-եղ­բօր նման՝ այն աս­տի­ճան, որ ոչ-մել­գո­նեան­ցի­ները զի­րենք ձե­ւով մը տար­բեր, նոյ­նիսկ օտա­րական կը զգան անոնց մի­ջավայ­րին մէջ։ Երկրորդ՝ զար­մա­նալիօրէն մեծ է իրա­րու հետ ամուսնա­ցած եւ ըն­տա­նիք կազ­մած մել­գո­նեան­ցի զոյ­գե­րուն թի­ւը։

Հա­րիւ­րա­մեակի տօ­նակա­տարու­թիւննե­րը լա­ւագոյն առիթն էին անդրա­դառ­նա­լու Մել­գո­նեան եղ­բայրնե­րու տես­լա­պաշտ նա­խաձեռ­նութեան. անոնք Արեւմտա­հայաս­տա­նէն տա­րագիր ու հայ­րե­նազուրկ հա­յու­թեան կրթա­կան կա­րիք­նե­րու հո­գածու­թիւնը հա­մարած էին կա­րեւո­րագոյն առա­քելու­թիւն՝ իրենց ամ­բողջ հարստու­թիւնը կտա­կելով այդ գե­րագոյն նպա­տակին։

Վայ­րի ընտրու­թիւնը եւս ռազ­մա­վարա­կան նշա­նակու­թիւն ու­նէր։ Հար­կա­ւոր էր նպա­տակա­յար­մար ու ապա­հով վայր մը, որ առա­ւելա­գոյն չա­փով հա­սանե­լի ըլ­լար տա­րագիր հա­յու­թեան։ Ո՛չ Մի­ջին Արե­ւել­քը, ո՛չ Եւ­րո­պան, ո՛չ Լի­բանանն ու Սու­րիան, ո՛չ ալ Յու­նաստա­նը, ուր տա­րագիր ու որբ հա­յերու մեծ հա­մախմբումներ կա­յին։ Հաս­տա­տու­թեան կայ­քին հա­մար Կիպ­րո­սի ընտրու­թիւնը շատ խե­լամիտ էր. կղզի մը, որ մօ­տիկ էր հայ­կա­կան գաղ­թա­վայ­րե­րուն։ Այս ընտրու­թիւնը ժա­մանա­կի ըն­թացքին ցոյց տուաւ իր առա­ւելու­թիւնը եւ հետզհետէ դար­ձաւ աւե­լի ու աւե­լի բա­րեն­պաստ։

Բա­ցի 1974-ի թրքա­կան յար­ձա­կումէն, որ պատ­ճառ դար­ձաւ կղզիի բա­ժանու­մին՝ ստեղ­ծե­լով քա­ղաքա­կան ու ըն­կե­րային տագ­նապներ եւ բազ­մա­թիւ կիպ­րա­հայե­ր մղելով ար­տա­գաղ­թի, Կիպ­րո­սը մին­չեւ այ­սօր կը մնայ Մի­ջին Արե­ւել­քի քա­ղաքա­կանա­պէս միակ կա­յուն ու բար­գա­ւաճ եր­կի­րը, որ միաժա­մանակ Եւ­րո­պական Միու­թեան ան­դամ է։ Իսկ հայ հա­մայնքին հա­մար՝ անի­կա ամէնէն բա­րեն­պաստ եր­կիրն է. միակ պե­տու­թիւնն է, որ արեւմտա­հայե­րէնը ճանչցած է իբ­րեւ փոք­րա­մաս­նութեան լե­զու՝ ապա­հովե­լով պե­տական հո­գածու­թիւն։ Այսպէս, Կիպ­րո­սի կա­ռավա­րու­թիւնը ամ­բողջու­թեամբ կը հո­գայ կղզիի շուրջ 3000 հա­շուող հայ հա­մայնքի բո­լոր կրթա­կան ծախ­սե­րը՝ Նա­րեկ վար­ժա­րան­նե­րու ու­սուցիչ­նե­րու վար­ձատրու­թիւնը, աշա­կերտնե­րուն գիր­քե­րու անվճար բաշ­խումը, դպրոցներու շի­նարա­րական ու բա­րենո­րոգ­ման ծախ­սե­րը, ինչպէս նաեւ եկե­ղեց­ւոյ պաշ­տօ­նէու­թեան վար­ձատրու­թիւնը։

Մել­գո­նեան եղ­բայրնե­րը իրենց կտա­կով հիմ­քը դրին սփիւռքի կա­րեւո­րագոյն հաս­տա­տու­թիւննե­րէն մէ­կուն։ Մեծ եղեռ­նէն ետք սփիւռքը ու­նե­ցած է բազ­մա­թիւ նշա­նաւոր կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւններ, ինչպէս՝ Մխի­թարեան վար­ժա­րան­նե­րը, ապա ճե­մարան­նե­րը, աւե­լի ուշ՝ Հայ­կա­զեան հա­մալ­սա­րանը, սա­կայն Մել­գո­նեան եղ­բայրնե­րուն կա­ռոյ­ցը կը հան­դի­սանայ առա­ջին սփիւռքեան հա­մազ­գա­յին կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւնը։

Անհրա­ժեշտ է երախ­տա­գիտու­թեամբ յի­շել ՀԲԸՄ-ի սկզբնա­կան շրջա­նի ղե­կավա­րու­թեան կա­րեւոր դե­րը, որ իբ­րեւ Մել­գո­նեան եղ­բայրնե­րու կտա­կակա­տար՝ յա­ջողե­ցաւ իրա­կանաց­նել անոնց տես­լա­կանն ու գե­րազան­ցել սպա­սումնե­րը։ Իբ­րեւ որ­բա­նոց հիմ­նուած հաս­տա­տու­թիւնը վե­րածուեցաւ կրթա­կան որա­կեալ կեդ­րո­նի, սփիւռքի առա­ջին նոր կրթեալ սե­րունդը հասցնող կրթա­րանի, որուն սա­ները ապա­գային հան­րա­յին ու տնտե­սական հաս­տա­տու­թիւննե­րու մէջ ղե­կավար դիր­քեր պի­տի գրա­ւէին։

Սա­կայն, պատ­մութիւ­նը կրնայ նոյն երախ­տա­գիտու­թեամբ չյի­շել նոյն հաս­տա­տու­թեան ներ­կա­յի ղե­կավա­րու­թիւնը, որ հա­կառակ հիմ­նա­դիր­նե­րու կամ­քին ու տես­լա­կանին, 2005-ին որո­շեց փա­կել դպրո­ցը՝ կա­լուա­ծը վա­ճառե­լու նպա­տակով, ի գործ դնե­լով ոչ-ինքնաբաւ հաս­տա­տու­թիւննե­րը փա­կելու իր շու­կա­յապաշ­տա­կան նոր վար­դա­պետու­թիւնը։ Որո­շում մը, որուն մին­չեւ օրս դէմ կ՚ար­տա­յայ­տուին նախ­կին սա­ներն ու հան­րա­յին կար­ծի­քը։ Սա­կայն, քա­նի դեռ դպրո­ցին կա­լուա­ծը չէ վա­ճառուած, վեր­ջին խօս­քը տա­կաւին ըսուած չէ եւ որե­ւէ շրջա­դարձ կրնայ պա­տահիլ։

Ժ.Չ. ■