«Մելգոնեան»-ի հարիւրամեակը
Նիկոսիա կը տօնէ հայկական ժառանգութեան դարադարձը
Նիկոսիա, Յունիս 2026 — Այս շաբաթ, հարիւրաւոր «Մելգոնեանցիներ»՝ աշխարհի չորս ծագերէն, համախմբուեցան նշելու համար հայկական սփիւռքի ամէնէն խորհրդանշական կառոյցներէն մէկուն՝ Կիպրոսի Նիկոսիա քաղաքին մէջ գտնուող Մելգոնեան կրթական հաստատութեան հարիւրամեակը։
Մելգոնեան կրթական հաստատութիւնը իր դռները բացած է 1926-ին եւ տասնամեակներ շարունակ ան եղած է շատ աւելին, քան պարզապէս դպրոց մը. եղած է օճախ մը, ապաստան եւ հնոց, ուր կոփուած ու ամրապնդուած է Միջին Արեւելքէն, Եւրոպայէն եւ այլ վայրերէ եկած երիտասարդներու սերունդներու հայեցի ինքնութիւնը։ Մէկ դար ետք, անոր նախկին սաները վերադարձան Կիպրոս՝ յարգանքի տուրք մատուցելու այդ ժառանգութեան՝ ոգեկոչման, խոկումի եւ տօնախմբութեան չորս օրերու ընդմէջէն։
Հիմնադիրները եւ անոնց տեսլականը
Հաստատութիւնը հիմնադրուած է իբրեւ որբանոց՝ 1915-1923 թուականներու Հայոց ցեղասպանութեան յաջորդող օրերուն։ Կեսարիա ծնած ու հասակ նետած, իսկ ապա Եգիպտոս հաստատուած ծխախոտի մեծահարուստ վաճառականներ Գրիգոր եւ Կարապետ Մելգոնեան եղբայրները իրենց ամբողջ կարողութիւնը տրամադրեցին Մելգոնեան հիմնադրամի ստեղծման՝ հաստատութեան տնօրինութիւնը յաւերժօրէն յանձնելով Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (ՀԲԸՄ)։ 1920-ին Գրիգոր Մելգոնեանի, իսկ 1925-ին՝ Կարապետի մահէն ետք, անոնց կտակը ի յայտ բերաւ բացառիկ ժառանգութիւն մը. անոնց ամբողջ հարստութիւնը, որ այն ատեն կը գնահատուէր աւելի քան մէկ միլիոն անգլիական ստերլինկով, յատկացուած էր հայ որբերու եւ չքաւոր ընտանիքներէ սերած մանուկներու կրթութեան։
Հարիւրամեակի յայտագիրը

Ոգեկոչման ձեռնարկները սկիզբ առին Հինգշաբթի, Յունիս 25-ի երեկոյեան, Նախագահական պալատին մէջ տեղի ունեցած ընդունելութեամբ մը, որուն ընթացքին կատարուեցաւ Մելգոնեան կրթական հաստատութեան հարիւրամեակի յուշամատեանի մեկնարկը՝ ներկայութեամբ Կիպրոսի Կրթութեան, մարզանքի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար դոկտ. Աթինա Միխայէլիտուի, Կիպրոսի Մամլոյ եւ տեղեկատւութեան գրասենեակի տնօրէնուհի տիկին Ալիքի Սթիլիանուի, ինչպէս նաեւ Կիպրոսի խորհրդարանին մէջ հայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ տիար Վարդգէս Մահտեսեանի։ Այս ձեռնարկը համախմբեց համայնքային պատասխանատուներ եւ հոգեւորականներ, կիպրական պետական ներկայացուցիչներու եւ Կիպրոսի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան կողքին՝ իբրեւ վկայութիւն հայ համայնքը, Կիպրոսի Հանրապետութիւնն ու համայն աշխարհը միաւորող կապերու խորութեան։
Այս բացման հանդիսութենէն ետք, աշխարհի չորս ծագերէն ժամանած մելգոնեանցիները հաւաքուեցան Նիկոսիոյ «Սեմելի» պանդոկը, ժամը 19-էն 21, թեթեւ ընթրիքի մը շուրջ։

Ուրբաթ, Յունիս 26-ը յատկանշուեցաւ գլխաւոր երկու իրադարձութիւններով։ Մելգոնեանցիները հրաւիրուած էին այցելելու դպրոցը, որ բացառաբար վերաբացած էր իր դռները այս առիթով։ Կանուխ ժամերէն իսկ, անոնք փութացին շրջելու 2005-էն ի վեր վերջնապէս փակուած շէնքերուն մէջ։ Այցելութիւն մը՝ լեցուն կարօտախտով ու շա՜տ-շատերու համար նաեւ ցաւոտ յիշատակներով, երբ կը վերագտնէին իրենց սիրելի հաստատութիւնը՝ անհասկնալիօրէն փակուած իբր թէ նիւթական պատճառներով, այն պարագային երբ Մելգոնեան եղբայրները իրենց կտակով արդէն իսկ նախատեսած էին հաստատութեան նիւթական կարիքները հոգալու համար անհրաժեշտ գանձատրումը։ Երեկոյեան, Մելգոնեան վարժարանի տարածքը կենդանացաւ Հայ եկեղեցւոյ երգչախումբի մեծ համերգով՝ հարիւրամեակի ոգեկոչման նուիրուած ձեռնարկ մը, որ տեղի ունեցաւ ժամը 20-էն 22։ Այս պատմական համերգը յուզիչ տուրք մըն էր հայ երիտասարդներու ամբողջ սերունդներ կերտած այն հաստատութեան, ուր վերադարձած էին տարբեր ցամաքամասեր սփռուած նախկին սաները. վայր մը, որ դրոշմած էր իրենց կազմաւորման տարիները։


Շաբաթ, Յունիս 27-ը յատկացուած էր վերամիացման եւ պտոյտի օրուան մը՝ առաւօտեան դէպի Գագոփեթրիա (Kakopetria) մեկնումով՝ սուրճի եւ տեղական ամբողջական մէզէէ բաղկացած ու տեղական գարեջուրի եւ գինիի ընկերակցութեամբ ճաշի մը համար, «Խրիսանթիս» ճաշարանին մէջ, որմէ ետք ժամը 17-ի շուրջ մասնակիցները վերադարձան Նիկոսիա։ Օրը եզրափակուեցաւ հարիւրամեակի տօնակատարութիւններու գագաթնակէտով՝ հարիւրամեակի տօնական կալա-ընթրիքով «Գլէոփաթրա» պանդոկին մէջ, որ տեւեց 21-էն մինչեւ առաւօտեան ժամը 1-ը։ Ասիկա մեծ հրաժեշտ մըն էր մէկ դարու պատմութեան, զոր բաժնեկցեցան զայն ապրածները։

Կիրակի, Յունիս 28-ը ունէր աւելի հանդիսաւոր եւ խորապէս խորհրդանշական բնոյթ։ Առաւօտը սկսաւ Սուրբ Աստուածածին հայկական առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Հոգեհանգստեան արարողութեամբ՝ ի յիշատակ Գրիգոր եւ Կարապետ Մելգոնեան եղբայրներուն, ինչպէս նաեւ հանգուցեալ նախկին տնօրէններուն, ուսուցիչներուն եւ բոլոր հանգուցեալ սաներուն։ Այնուհետեւ մասնակիցները ուղղուեցան Մելգոնեան վարժարանի համալիր՝ ծաղիկներ զետեղելու Մելգոնեան եղբայրներու յուշարձանին։ Այդտեղ կը գտնուի կալուածին նոճիներու պուրակը, զոր հաստատութեան առաջին տարիներուն տնկած են որբ աշակերտները՝ ի յիշատակ իրենց հարազատներուն եւ Ցեղասպանութեան միլիոնաւոր զոհերուն։ Այս պուրակը կը մնայ պատմական ու զգացական բացառիկ արժէք ներկայացնող յուշավայր մը, որ միանգամայն աննախադէպ է աշխարհի տարածքին կառուցուած Հայոց ցեղասպանութեան միւս յուշահամալիրներու շարքին։

Հարիւրամեակի շաբաթավերջը եզրափակուեցաւ Այա Նափայի մէջ կայացած «Հրաժեշտի ծովափնեայ ընթրիքով»՝ ձուկի մէզէի, տեղական գարեջուրի եւ գինիի ընկերակցութեամբ։
Յարատեւող ժառանգութիւն մը
Դպրոցի շրջանաւարտները դարձած են առաջնորդներ, մտաւորականներ, արուեստագէտներ եւ արհեստավարժներ, որոնք մեծապէս նպաստած են ամբողջ աշխարհի հայ համայնքներուն: Թէեւ հաստատութիւնը 2005-ին փակեց իր դռները իբրեւ գործող վարժարան,– որոշում մը, որ խոր ընդվզում եւ վիշտ յառաջացուցած էր համայն հայ սփիւռքի մէջ,– անոր հարիւրամեակը ցոյց տուաւ, որ Մելգոնեանի ոգին կը յարատեւէ՝ շնորհիւ մելգոնեանցիներուն, որոնք զայն վառ կը պահեն իրենց սրտերուն մէջ՝ աշխարհի ո՛ր ծայրն ալ գտնուին։
Հարիւր տարի ետք, Նիկոսիան կը մնայ հոգեւոր օճախը սերունդի մը, որուն տրուեցաւ ոչ միայն կրթութիւն, այլեւ՝ ինքնութիւն։
Ժիրայր ՉՈԼԱՔԵԱՆ ■
