Ուրսուլա ֆոն տեր Լայէնի հայաստանեան այցելութիւնը
Եւրոպան կը վերահաստատէ իր աջակցութիւնը
Ինչպէս որ յայտարարուած էր, Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լայէն Յուլիս 2-ին ժամանած է Հայաստան։ «Զուարթնոց» միջազգային օդակայանին մէջ զինք դիմաւորած է փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանը։ Կառավարութեան շէնքին մէջ կայացած է Լայէնի եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպումը, որուն աւարտին անոնք հանդէս եկած են միացեալ յայտարարութիւններով։
Հանդիպումի ընթացքին Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահը յայտարարած է, որ Եւրոպական Միութիւնը շուտով լրացուցիչ 18 միլիոն եւրօ պիտի տրամադրէ Հայաստանին՝ երկրի առեւտուրը ամրապնդելու նպատակով։ Ան բացատրած է, որ այս ֆինանսաւորումը կրնայ նպաստել, օրինակ, արտածման խթանման գործակալութեան մը ստեղծման, որպէսզի հայկական ընկերութիւններու արտածման կարողականութիւնները զարգանան: “Այս 18 միլիոն եւրօն այն 52 միլիոննոց օժանդակութեան ծրարին վերջնական բաժինն է, որուն շուրջ մենք խօսած էինք Յունիսի սկիզբը կայացած մեր հեռաձայնային զրոյցին ընթացքին”,– նշած է ան։ Յիշեցնենք, որ այդ ատեն Լայէն տեղեկացուցած էր, թէ ռուսական սահմանափակումներուն դիմակայելու համար Հայաստանին աջակցութեան նոր ծրար մը կը մշակուի։
Անդրադառնալով առեւտրային յարաբերութիւններուն՝ Լայէն յայտնած է նաեւ, որ Եւրոպական Միութիւնը առաջարկ կը ներկայացնէ այսպէս կոչուած «ինքնավար առեւտրային միջոցառումներու» վերաբերեալ. սա կը նշանակէ, որ դէպի Եւրոպա հայկական արտածումներուն մօտաւորապէս 80 տոկոսը պիտի ազատականացուի եւ այլեւս մաքսատուրքի ենթակայ պիտի չըլլայ։
Հայաստան ժամանելուն առիթով Ուրսուլա ֆոն տեր Լայէն գրառում մը կատարած է X-ի իր էջին վրայ՝ նշելով. «Շատ ուրախ եմ այսքան շուտ կրկին Երեւան գտնուելուս համար» (յիշեցնենք, որ ան Հայաստան այցելած էր նաեւ Մայիսին՝ Եւրոպական քաղաքական համայնքի 8-րդ վեհաժողովին մասնակցելու նպատակով)։ Անդրադառնալով Յունիս 7-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն՝ Լայէն ընդգծած է, որ անոնք անգամ մը եւս ցոյց տուին Հայաստանի ժողովրդավարութեան ամրութիւնը: «Հայաստանը հաւատարիմ կը մնայ բարեփոխումներու ուղիին եւ աւելի կը մօտենայ Եւրոպային: Հետեւաբար, ես հոս եմ պարզ պատգամով մը. Հայաստանը կրնայ յոյս դնել մեր վրայ»,– գրած է ան՝ իր խօսքը ամփոփելով հայերէնով. «Մենք ձեզի հետ ենք»։
«Խաղաղութիւնը արդէն իսկ իրականութիւն է», կ’ըսէ Ալիեւ
Նշենք, որ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահը Երեւան ժամանած էր Պաքուէն, ուր հանդիպում ունեցած էր Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ: Հանդիպումէն ետք տեղի ունեցած միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին, Ալիեւ յայտարարած է, որ երկու երկիրներուն միջեւ խաղաղութեան հոլովոյթը յաջողութեամբ կը շարունակուի: “Խաղաղութիւնը արդէն իսկ այսօր իրականութիւն է։ Սակայն զայն ամրապնդելու եւ երկարաժամկէտ ու կայուն խաղաղութեան վերածելու համար, մենք պէտք է լուրջ ջանքեր գործադրենք”,– ըսած է ան։
Իր կարգին, Ուրսուլա ֆոն տեր Լայէն հաստատած է, որ Եւրոպական Միութիւնը կ՚աջակցի խաղաղութեան գործընթացին եւ այդ նպատակով շուրջ 200 միլիոն եւրոյի ֆինանսաւորում պիտի տրամադրէ Հարաւային Կովկասի մէջ փոխադրամիջոցներու, ուժանիւթի եւ թուային կապերու զարգացման համար: Ան շեշտած է, որ այս նախաձեռնութիւնը կոչուած է սատարելու տարածաշրջանային կապերու ամրապնդման եւ տեղական համայնքներուն թիրախային օգնութիւն տրամադրելու։
“Միասին մենք կրնանք թուղթի վրայ գրուած խաղաղութիւնը վերածել գործնական խաղաղութեան”,– յայտարարած է Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահը՝ նախքան Երեւան մեկնիլը։
