Բողոքի ցոյց՝ Ուրսուլա ֆոն տեր Լայէնի այցելութեան զուգահեռ
Մինչ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լայէն կառավարութեան շէնքին մէջ վարչապետին հետ ելոյթով հանդէս կու գար, «Հայաքուէ»-ն ու «Մայր Հայաստան»-ը, իրենց բողոքի ձայնը բարձրացնելու նպատակով փորձած են մօտենալ կառավարութեան շէնքին։
Ոստիկանական շղթան, սակայն, հարեւան լուսացոյցին մօտէն իսկ փակած ըլլալով դէպի կառավարութեան շէնք տանող ճամբան, անոնք չեն կրցած հասնիլ իրենց նախատեսած բուն վայրը։
Ուստի, բողոքի ցոյցի դուրս ելած ընդդիմադիրները «Հայփոստ»-ի շէնքին մօտէն հայերէնով եւ անգլերէնով իրենց խօսքը ուղղած են Փաշինեանին ու Ֆոն տեր Լայէնին՝ պահանջելով «ազատ արձակել քաղաքական բանտարկեալները»:
Նշենք, որ «Մայր Հայաստան» կուսակցութեան ղեկավար Անդրանիկ Թեւանեանը, որ ընտրութիւններուն «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան (ԲՀԿ) ընտրացանկին մէջ կը գրաւէր երկրորդ տեղը, կալանաւորուած է լրտեսութեան եւ պետական դաւաճանութեան յօդուածով: «Հայաքուէ»-ի ղեկավար Աւետիք Չալապեանը կը մեղադրուի խումբ մը քաղաքացիներու ընտրական իրաւունքը խոչընդոտելու նախապատրաստութեան յօդուածով. ան եւս կալանաւորուած է:
Երկուքին դատավարութիւնն ալ տակաւին չէ սկսած:
