Արտասահման ապրող ՀՀ քաղաքացիներու ընտրական իրաւունքը սահմանափակող օրէնքը ընդունուած է

ԱԺ-7eac-4cb6-c644-08de3c914337_cx0_cy4_cw0_w1023_r1_s

Յուլիս 3-ին, Ազգային ժողովը երկրորդ ընթերցումով եւ ամբողջութեամբ ընդունած է արտասահման ապրող Հայաստանի քաղաքացիներու ընտրական իրաւունքը սահմանափակող օրէնքը։ Նոր օրէնքին համաձայն՝ քուէարկելու իրաւունքէն կը զրկուին Հայաստանի այն քաղաքացիները, որոնք ընտրական ցանկերու հրապարակումէն առաջ՝ վերջին երկու տարուան առնուազն կէսը (մէկ տարին) հայրենիքի մէջ չեն գտնուած։ Բացառութիւն կը սահմանուի միայն ուսման նպատակով մեկնածներուն եւ պետական գործուղումներու պարագային։

Օրինագիծին թեր քուէարկած են միայն «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան երեսփոխանները եւ «Հայաստան» դաշինքէն հեռացած Գեղամ Նազարեանը։

Միւս կողմէ, ընդդիմադիր «Հայաստան» խմբակցութիւնը մտադիր է օրէնքի սահմանադրականութիւնը վիճարկել Սահմանադրական դատարանին մէջ։

Շարք մը հասարակական կազմակերպութիւններ խստօրէն քննադատած են այս օրէնքը՝ պնդելով, որ օրէնսդրական փոփոխութիւնները հակասահմանադրական են, եւ կը հանդիսանան ընտրական իրաւունքի ապօրինի ու անհամաչափ սահմանափակում մը, որ կը վտանգէ ժողովրդավարական սկզբունքները եւ կը խախտէ քաղաքացիներու քաղաքական իրաւունքները։