Վարչապետ Փաշինեան աշխատանքային այցելութեամբ մեկնած է Իրան
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Յուլիս 3-ին, առաւօտ կանուխ, աշխատանքային այցելութեամբ մեկնած է Իրան՝ մասնակցելու Իսլամական Հանրապետութեան հանգուցեալ Գերագոյն առաջնորդ Ալի Խամենէիի հրաժեշտի պաշտօնական արարողութեան։
Կառավարութեան Յուլիս 2-ի նիստէն ետք, լրագրողներուն հետ կարճ զրոյցի մը ընթացքին յղուած հարցումին, թէ արդեօք Իրանի մէջ երկկողմանի հանդիպումներ նախատեսուա՞ծ են, թէ՞ ոչ, վարչապետը պատասխանած է. «Բնականաբար, Իրանի ղեկավարութեան հետ շփումներ նախատեսուած են»:
Ալի Խամենէիի մարմինը փոխադրուած է Մեծ Մոսալլա
Կը սկսին յիշատակի արարողութիւնները
Թեհրանի մէջ Յուլիս 2-ին սկսած են Ալի Խամենէիի յիշատակի արարողութիւնները։ Աւելի քան չորս ամիս անցած է այն օրէն, երբ Խամենէին իր քանի մը համախոհներուն եւ ընտանիքի անդամներուն հետ սպանուեցաւ Իրանի դէմ ամերիկա-իսրայէլեան պատերազմի առաջին իսկ օրը։
Համաձայն տեղական լրասփիւռներու, աւելի քան 30 տարի Իրանը ղեկավարած առաջնորդին մարմինը Յուլիս 3-ի առաւօտեան փոխադրուած է Թեհրանի գլխաւոր աղօթավայրը՝ Մեծ Մոսալլա։
Ինչպէս ըսինք, վարչապետ Փաշինեան արդէն իսկ ժամանած է Իրան՝ յարգանքի տուրք մատուցելու Խամենէիի յիշատակին։ Վրաստանի եւ Ազերպայճանի նախագահներ Միխէիլ Քաւելաշվիլին ու Իլհամ Ալիեւը նոյնպէս պիտի ժամանեն Թեհրան։
Ըստ պաշտօնական IRNA գործակալութեան, յուղարկաւորութեան շարքային մասնակիցներուն թիւը կրնայ հասնիլ 35 միլիոնի։ Խամենէիի հետ զոհուած էին նաեւ անոր դուստրը, թոռնուհին, հարսն ու փեսան։
Աւելցնենք, որ Գերագոյն առաջնորդի պաշտօնին՝ Ալի Խամենէին փոխարինած է անոր որդին՝ Մոճթապա Խամենէին։
