Արուսեակ Մանաւազեան ընտրուած է ՔՊ խմբակցութեան ղեկավարի թեկնածու
Իշխանութեան «Քաղաքացիական պայմանագիր» (ՔՊ) խմբակցութեան երեսփոխան Արուսեակ Մանաւազեան կուսակցութեան վարչութեան նիստին ընթացքին կայացած փակ-գաղտնի քուէարկութեամբ ընտրուած է ՔՊ խմբակցութեան ղեկավարի թեկնածու:
Խմբակցութեան ղեկավարի պաշտօնին համար, բացի Արուսեակ Մանաւազեանէն, առաջադրուած էր նաեւ երեսփոխան Արթուր Յովհաննիսեանը:
Կուսակցութեան վարչութեան նիստէն ետք, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան լրագրողներուն հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսած է. “Ես որեւէ թեկնածութեան վերաբերեալ որեւէ կարծիք ոչ մէկ տեղ չեմ յայտնած: Քննարկումներուն ալ չեմ մասնակցած, լսողի դերին մէջ եղած եմ”:
