Թեհրանի մէջ կայացած է Փեզեշքեան-Փաշինեան հանդիպումը

Փաշ-Փեզեշքեան

Յուլիս 3-ին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Թեհրանի մէջ հանդիպում ունեցած է Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքեանի հետ։

ՀՀ կառավարութեան լրատուական ծառայութեան համաձայն՝ վարչապետը անգամ մը եւս իր ցաւակցութիւնը յայտնած է Իսլամական Հանրապետութեան Գերագոյն առաջնորդ Ալի Խամենէիի մահուան կապակցութեամբ՝ ընդգծելով, որ Հայաստան կը կիսէ Իրանի ժողովուրդին վիշտը։

Փեզեշքեան շնորհակալութիւն յայտնած է վարչապետ Փաշինեանին՝ Խամենէիի հրաժեշտի պաշտօնական արարողութեան մասնակցելու նպատակով Թեհրան ժամանելուն համար։ Ան նշած է, որ իր երկիրը բարձր կը գնահատէ դժուարին այս իրավիճակին մէջ Իրանի նկատմամբ Հայաստանի կառավարութեան որդեգրած դիրքորոշումը եւ ցուցաբերած մարդասիրական աջակցութիւնը։

Իրանի նախագահը շնորհաւորած է Նիկոլ Փաշինեանը՝ խորհրդարանական ընտրութիւններուն տարած յաղթանակին առիթով եւ համոզում յայտնած, որ երկկողմանի յարաբերութիւնները պիտի շարունակեն հետեւողականօրէն զարգանալ ու ամրապնդուիլ։

Կողմերը միտքեր փոխանակած են նաեւ տարածաշրջանային նշանակութիւն ունեցող հարցերու շուրջ՝ վեր առնելով խաղաղութեան, կայունութեան եւ տարածաշրջանային գործակցութեան ամրապնդման ուղղուած հետեւողական քայլերու կարեւորութիւնը: