Ազգային ժողովի նախագահ ընտրուելու պարագային՝ Ռուբինեան պիտի դադրի Թուրքիոյ հետ բանագնաց ըլլալէ
Իշխանութեան «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան կողմէ նոր Ազգային ժողովի (ԱԺ) նախագահի թեկնածու առաջադրուած Ռուբէն Ռուբինեան, լրագրողներուն հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է, որ ԱԺ նախագահ ընտրուելու պարագային, ինք պիտի չշարունակէ հանդիսանալ Թուրքիոյ հետ բանակցութիւններուն մէջ Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչը։
Ան նաեւ նշած է, որ առայժմ յայտնի չէ, թէ ո՛վ զինք պիտի փոխարինէ հայկական կողմի բանագնացի պաշտօնին վրայ. “Վարչապետն ու կառավարութիւնը պիտի քննարկեն այդ հարցը”,– աւելցուցած է ան։
Նշենք, որ 36-ամեայ Ռուբինեանը եւ Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչ Սերտար Քըլըչը կը բանակցին 2022 Յունուարէն ի վեր: Հակառակ պարբերական հանդիպումներուն, աւելի քան 30 տարի փակ մնացած սահմանի վերաբացման գլխաւոր խնդիրը տակաւին կը մնայ անլոյծ։
