Հայաստան ի պատուի Forbes-ի աւստրիական հրատարակութեան մէջ

Forbes-ը Հայաստանը ներկայացուցած է որպէս նոր ձեւաւորուող համաշխարհային կեդրոն՝ նորաձեւութեան, արուեստի, խոհանոցի, տիզայնի եւ հիւրընկալութեան ոլորտներուն մէջ

Ամերիկեան հռչակաւոր Forbes-ի աւստրիական հրատարակութիւնը 27 էջանոց յատուկ անդրադարձ մը նուիրած է Հայաստանին՝ ներկայացնելով երկիրը իբրեւ տարածաշրջանի ամենաաշխուժ ստեղծագործ վայրերէն մէկը։

Յօդուածաշարքը, որ պատրաստուած է Հայաստանի Զբօսաշրջութեան կոմիտէին աջակցութեամբ, առաջին անգամ ըլլալով միջազգային լսարանին Հայաստանը կը ներկայացնէ ոչ միայն պատմութեան, արհեստագործութեան եւ ժառանգութեան, այլեւ նորաձեւութեան, արուեստի, խոհանոցի, տիզայնի, հիւրընկալութեան եւ արդի ստեղծագործ մշակոյթի տեսանկիւնէն։

«Fashion Forward Armenia: Creativity in Motion» խորագրով նիւթին մէջ, Forbes-ը կը պատմէ Հայաստանի ստեղծագործ համայնքին, ձեռներէցներուն եւ մշակութային գործիչներուն մասին, որոնք նորովի կը ձեւաւորեն երկրին միջազգային ընկալումը՝ Հայաստանը ներկայացնելով իբրեւ նորարարութեան, ինքնատիպ մտածողութեան եւ մշակութային փոխանակման հարթակ։

Յօդուածին մէջ կը շեշտուի, որ Հայաստանը երկար տարիներ միջազգային հարթակի վրայ առաւելաբար ընկալուած է պատմութեան, աշխարհաքաղաքականութեան, Սփիւռքի եւ տոկունութեան ծիրին մէջ։ Սակայն այսօր, այդ պատմութեան զուգահեռ, կը ձեւաւորուի մէկ այլ՝ արդի եւ ստեղծագործ Հայաստան մը։

Պարբերականը կը նշէ նոր սերունդի տիզայներներուն, խոհարարներուն, ճարտարապետերուն, արուեստագէտներուն, երաժիշտներուն եւ ձեռներէցներուն մասին, որոնցմէ շատեր տարիներ շարունակ ապրած են արտասահման, ապա վերադարձած Հայաստան՝ նպաստելով երկրին մշակութային ինքնութեան նոր ձեւաւորման։

Յատուկ անդրադարձ կը կատարուի նաեւ Երեւանի նրբաճաշակ խոհարարական (gastronomie) եւ գիշերային կեանքի զարգացման։ Նիւթին մէջ ներկայացուած է Yeremyan Group-ը, որ արդէն երկու տասնամեակէ ի վեր գործունէութիւն կը ծաւալէ 13 տարբեր ոճի իր 18 ճաշարաններով, ինչպէս նաեւ խումբին փոխտնօրէն Լուսինէ Երեմեանը։

Forbes-ի ուշադրութեան կեդրոնը յայտնուած են նաեւ Turntables Hospitality Group-ի լիբանանահայ հիմնադիրներ Արէն Տէյիրմէնճեանն ու Նարեկ Սթէյրը, որոնք հիմնած են Camilla ճաշարանը, ինչպէս նաեւ Pabló-ի ըմպելիներու տնօրէն Նարեկ Արոյեանը։

Յօդուածը Հայաստանը կը ներկայացնէ իբրեւ վայր մը, ուր ստեղծագործութիւնը, մթնոլորտը, ժամանցը, համայնքային կապերն ու մշակոյթը կը միահիւսուին՝ ձեւաւորելով արդի Երեւանի նոր կերպարը։