Սկսած է սփիւռքահայ ուսուցիչներու վերապատրաստման ծրագիրը
Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարար Ժաննա Անդրէասեան
Երեւանի «Ե. Չարենց» թիւ 67 հիմնական դպրոցին մէջ սկսած է սփիւռքահայ ուսուցիչներու վերապատրաստման տարեկան ծրագիրը, որուն այս տարի կը մասնակցին շուրջ 60 մանկավարժներ՝ 11 երկիրներէ։ Դասընթացքները պիտի շարունակուին մինչեւ Յուլիս 21։
Բացման արարողութեան ներկայ գտնուած են Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի (ԿԳՄՄ) նախարար Ժաննա Անդրէասեանը, փոխնախարար Արթուր Մարտիրոսեանը, Լեզուի կոմիտէի նախագահ Սիրանոյշ Դւոյեանը եւ այլ պաշտօնատար անձեր։
Իր խօսքին մէջ, նախարար Անդրէասեան շնորհակալութիւն յայտնած է ուսուցիչներուն՝ իրենց ամառնային հանգիստը մասնագիտական զարգացման տրամադրելնուն համար, ընդգծելով անոնց անփոխարինելի դերը օտար միջավայրերու մէջ հայոց լեզուն ու մշակոյթը պահպանելու, ինչպէս նաեւ հայրենակիցները Հայաստանին կապելու գործին մէջ։ Ան վստահեցուցած է, որ պետութեան աջակցութիւնը պիտի շարունակուի նաեւ ծրագրի աւարտէն ետք՝ հեռակայ խորհրդատւութեամբ եւ շարունակական կապով։
Նախարարը նաեւ շեշտած է, որ այս վերապատրաստումը փոխադարձ ուսուցման հարթակ մըն է. պետութիւնը կը փոխանցէ տեսական ու մեթոտական գիտելիքներ, սակայն ուսուցիչներուն գործնական փորձառութիւնը Սփիւռքի մէջ նոյնքան արժէքաւոր է նախարարութեան համար՝ հետագայ ծրագրերը աւելի արդիւնաւէտ դարձնելու տեսանկիւնէն:
Նշենք, որ մասնագիտական դասընթացքներուն զուգահեռ, մասնակիցներուն համար նախատեսուած են նաեւ մշակութային ձեռնարկներ եւ ճանաչողական պտոյտներ՝ Հայաստանը նորովի բացայայտելու համար։
