ՍՊԱՆԻԱ — Պատմական Գատիսի հայկական ժառանգութիւնը

Գատիս-վերջնական

17-րդ դարու վաճառականներն ու Սանթա Մարիա եկեղեցւոյ յուշատախտակը

Սպանիոյ հարաւը գտնուող պատմական Գատիս (Cádiz) քաղաքը կը պահպանէ հայ ժողովուրդի միջնադարեան սփիւռքի ամէնէն ուշագրաւ եւ քիչ ծանօթ էջերէն մէկը։ 17-րդ դարուն, այս ծովափնեայ քաղաքին մէջ կազմաւորուած է Սպանիոյ պատմութեան ամէնէն մեծ հայկական համայնքը, որուն հոգեւոր ու մշակութային ժառանգութիւնը կը շարունակէ ապրիլ մինչեւ մեր օրերը։

Պատմական աղբիւրները ցոյց կու տան, որ Գատիս հաստատուած հայերը գլխաւորաբար հմուտ եւ հարուստ վաճառականներ էին, որոնցմէ շատեր մաս կը կազմէին Նոր Ջուղայի հռչակաւոր առեւտրական ցանցին։ Գատիսը, ըլլալով ռազմավարական նաւահանգիստ եւ դէպի Ամերիկա (Նոր Աշխարհ) տանող գլխաւոր դարպասներէն մէկը, իտէալական կեդրոն էր այս վաճառականներուն համար, որոնք կը զբաղէին միջազգային առեւտուրով՝ կամրջելով Արեւելքն ու Արեւմուտքը։

17-րդ դարը Սպանիոյ համար չափազանց բարդ եւ վտանգաւոր ժամանակաշրջան էր՝ պայմանաւորուած Սպանական Հաւատաքննութեան խստութիւններով։ Այդ օրերուն օտարազգիներն ու այլադաւանները յաճախ խիստ հալածանքներու կ՚ենթարկուէին։ Հակառակ այս սպառնալիքներուն, հայ վաճառականները յաջողեցան ոչ միայն պահպանել իրենց գոյութիւնն ու գործունէութիւնը, այլեւ յարգանք վայելել Կաթողիկէ եկեղեցւոյ կողմէ եւ արժանանալ անոր՝ ապահովութեան երաշխիքներուն։ Այս իմաստով առանցքային եղած է Գատիսի Սանթա Մարիա եկեղեցւոյ դերը, որ ապահով հանգրուան եւ հովանաւոր հանդիսացած է հայ համայնքին համար։

Այսօր, որպէս անցեալի լուռ վկայ եւ երախտագիտութեան տուրք, Սանթա Մարիա եկեղեցւոյ պատին զետեղուած է հայերէն արձանագրութեամբ յուշատախտակ մը։ Ան կը յաւերժացնէ այն հայ վաճառականներուն յիշատակը, որոնք դարեր առաջ ապաստան ու պաշտպանութիւն գտան հաւատաքննութեան խաւար տարիներուն։ Այս յուշատախտակը խորհրդանիշն է երկու ժողովուրդներու պատմական կապին եւ վառ ապացոյցը այն իրողութեան, որ հայկական սփիւռքը կրցած է իր անջնջելի հետքը ձգել նոյնիսկ Եւրոպայի հեռաւոր ափերուն։