Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Թեհրանի մէջ մասնակցեցաւ Ալի Խամենէիի հրաժեշտի պաշտօնական արարողութեան
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Յուլիս 3-ի առաւօտեան աշխատանքային այցելութեամբ մեկնած է Իրան՝ յարգանքի տուրք մատուցելու երկիրը աւելի քան 30 տարի ղեկավարած նախկին Գերագոյն հոգեւոր առաջնորդ Ալի Խամենէիի յիշատակին։ Կարեւոր է ընդգծել, որ վարչապետ Փաշինեան ներկայ գտնուած է միայն օրեր տեւող հրաժեշտի պաշտօնական արարողութեան եւ ոչ թէ բուն յուղարկաւորութեան, որ տեղի պիտի ունենայ Յուլիս 9-ին, երբ անոր մարմինը պիտի ամփոփուի Մաշհատի Իմամ Ռեզա դամբարանին մէջ։
Նշենք, որ նոյն նպատակով Թեհրան ժամանած էին նաեւ Վրաստանի նախագահ Միխէիլ Քաւելաշվիլին եւ Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը։
Վարչապետ Փաշինեան նոյն օրը՝ Յուլիս 3-ին, վերադարձած է Հայաստան։
Թեհրանի մէջ Յուլիս 3-ին սկսած եւ քանի մը օր շարունակուող յիշատակի արարողութիւններով, Իրան հրաժեշտ կու տայ հանգուցեալ առաջնորդին, որ սպանուած էր աւելի քան չորս ամիս առաջ՝ Իրանի դէմ ամերիկա-իսրայէլեան պատերազմի առաջին իսկ օրը, իր ընտանիքի չորս անդամներուն եւ քանի մը համախոհներուն հետ։
Հանգուցեալ առաջնորդին եւ անոր հարազատներուն (աղջկան, 14-ամսեայ թոռնուհիին, հարսին եւ փեսային) դագաղները փոխադրուած են Թեհրանի արեւելքը գտնուող գլխաւոր աղօթավայր՝ «Մեծ Մոսալլա» կրօնական համալիր, ուր տեղի ունեցած են հրաժեշտի ու Ճանազայի աղօթքի արարողութիւնները։ Սուգի այս արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերած են նաեւ Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիանն ու խորհրդարանի նախագահ Մոհամմատ Պաղեր Ղալիպաֆը։
Մոճթապա Խամենէի կը շարունակէ մնալ աներեւոյթ
Յուղարկաւորութեան ընթացքին Խամենէիի երեք որդիները՝ Մոսթաֆան, Մէյսամը եւ Մասուտը, ներկայ գտնուած են իրենց հօր դագաղին քով։ Սակայն, ուշադրութիւն գրաւած է Գերագոյն առաջնորդի պաշտօնը ստանձնած միւս որդիին՝ Մոճթապա Խամենէիի բացակայութիւնը։ Ըստ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան, Մոճթապան վիրաւորուած է այն նոյն հարուածին ընթացքին, որուն հետեւանքով զոհուած էր հայրը, եւ ան տակաւին չէ ներկայացած հանրութեան։
Իրանեան պաշտօնական IRNA գործակալութեան նախատեսութեամբ, համազգային սուգի եւ յուղարկաւորութեան արարողութիւններու շարքային մասնակիցներուն ընդհանուր թիւը կրնայ հասնիլ մինչեւ 35 միլիոնի։ «Ռոյթըրզ» կ՚աւելցնէ, որ միայն մէկ գիշերուան տեւողութեան հազարաւոր իրանցիներ համախմբուած են «Մոսալլա» համալիր, իսկ Թեհրանի մեթրօն այդ ընթացքին արձանագրած է շուրջ 7 միլիոն ճամբորդութիւն։
