Նիկոլ Փաշինեան՝ Եկատերինպուրկի մէջ 

Փաշ-Իննոփրոմ

Կը սպասուի հանդիպում Միշուսթինի հետ

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան աշխատանքային այցելութեամբ Յուլիս 6-ին ժամանած է Ռուսաստանի Եկատերինպուրկ քաղաքը, ուր մասնակցած է «Իննոփրոմ-2026» միջազգային արդիւնաբերական ցուցահանդէսին: Յունիս 7-ի խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք, այս մէկը վարչապետին առաջին աշխատանքային այցելութիւնն է Ռուսաստան։ Փաշինեանի գլխաւորած պատուիրակութեան կազմին մէջ են նաեւ փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանն ու Տնտեսութեան նախարար Գէորգ Պապոյեանը։

Ցուցահանդէսի «Ինտուսթրիա 360. Արտադրութիւն առանց սահմանի» խորագրով լիագումար նիստին իր ունեցած ելոյթի ընթացքին, վարչապետ Փաշինեան շնորհակալութիւն յայտնած է Ռուսաստանի վարչապետ Միխայիլ Միշուսթինին՝ հրաւէրին համար։ Այցելութեան ծիրէն ներս նախատեսուած է Փաշինեանի եւ Միշուսթինի հանդիպումը։ Ռուսաստանի կառավարութեան ղեկավարը, որ արդէն իսկ հանդիպումներ ունեցած է Պելառուսի եւ Քիրկիզստանի վարչապետերուն հետ, Փաշինեանի հետ վերջին անգամ գլուխ-գլխի հանդիպում ունեցած էր 2025-ի ամռան՝ Ալթայի մէջ կայացած միջազգային բնապահական համաժողովի ընթացքին: Նշենք, որ Յուլիսի սկիզբը հայկական կողմին նախաձեռնութեամբ կայացած էր Փաշինեան-Միշուսթին հեռաձայնային զրոյցը, որուն ընթացքին քննարկուած էին առեւտրատնտեսական, գիտական, արհեստագիտական եւ մշակութային ոլորտներու մէջ ռուս-հայկական գործակցութեան հարցեր։

Փաշինեանի Եկատերինպուրկ կատարած այցելութիւնը տեղի կ՚ունենայ հայ-ռուսական լարուածութեան եւ յատկապէս Ռուսաստանի կողմէ հայկական ապրանքներու ներածման դէմ վերջերս սահմանուած արգելքներու մթնոլորտին մէջ։ Այդ որոշումներուն պատճառով բազմաթիւ հայկական ընկերութիւններ զրկուած են իրենց արտադրանքը Ռուսաստան կամ անոր տարածքով այլ երկիրներ արտածելու կարելիութենէն։ Առայժմ յստակ չէ, թէ արդեօք այս սահմանափակումները պաշտօնապէս պիտի դառնա՞ն երկկողմանի քննարկումներու առարկայ։