31-րդ «Հայագիտական ուսումնասիրութիւններու օր»-ը

Capture d’écran 2026-07-07 à 14.00.33

Յունիս 12-ին Փա­րիզի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ 31-րդ «Հա­յագի­տական ու­սումնա­սիրու­թիւննե­րու օր»-ը, որ կազ­մա­կեր­պուած էր Հա­յագի­տական ու­սումնա­սիրու­թիւննե­րու ըն­կե­րակ­ցութեան (SEA) եւ Արե­ւելեան լե­զու­նե­րու եւ քա­ղաքակրթու­թիւննե­րու ազ­գա­յին հիմ­նարկին (Inalco) կող­մէ միասնա­բար։ Անի­կա հա­մախմբեց մաս­նա­գէտ­ներ եւ ու­սա­նող­ներ՝ տարբեր բնաբանով դա­սախօ­սու­թիւննե­րու շուրջ։ Այս «Հա­յագի­տական ու­սումնա­սիրու­թիւննե­րու օր»-ուան նպա­տակն է ներ­կա­յաց­նել բազ­մա­զան հե­տազօ­տու­թիւններ հա­յագի­տու­թեան բո­լոր ոլորտնե­րէն ներս՝ որ­դեգրե­լով տար­բեր գի­տակար­գա­յին մօ­տեցումներ եւ ընդգրկե­լով զա­նազան ժա­մանա­կաշրջան­ներ ու իրա­վիճակ­ներ։

SEA-ի նա­խագահ Գլէր Մու­րա­տեանի բա­րի գա­լուստի խօս­քէն ետք, օրուան յայ­տա­գիրը բաժ­նուեցաւ քա­նի մը բնաբանային խորհրդա­ժողով­նե­րու (panels), որոնցմէ իւ­րա­քան­չիւրը կ՚ու­սումնա­սիրէր հայ­կա­կան փոր­ձա­ռու­թեան տար­բեր երե­սակ­նե­րը։

Խորհրդա­ժողով 1. Խորհրդա­ծութիւններ հա­յերու ազա­տագրման մա­սին. սկզբնաղ­բիւրներ եւ բա­նավէ­ճեր ԺԹ. դա­րուն

Այս բա­ժինը քննեց հա­յոց ազա­տագրման մար­տահրա­ւէր­նե­րը ԺԹ. դա­րու օս­մա­նեան եւ ռու­սա­կան կայսրու­թիւննե­րու պա­րու­նա­կին մէջ։

Վռամ Կոս­տանդեան եւ արեւմտեան ազ­դե­ցու­թիւնը – Ճան Էր­զուրումլուօղ­լու ներ­կա­յացուց Վռամ Կոս­տանդեանի «Մե­թոտի վրայ» (1878) աշ­խա­տու­թիւնը, որ կը ներ­մուծէ արեւմտեան գի­տական յա­րացոյցներ (հա­մայ­նա­պաշ­տութիւն կամ դրականապաշտութիւն [positivisme], նիւ­թա­պաշ­տութիւն, բա­րեշրջա­կանու­թիւն [évolutionnisme]) եւ կ՚առա­ջար­կէ միջկրօ­նական նիւ­թա­պաշ­տա­կան բա­րոյա­կանու­թիւն մը՝ ուղղա­կի յար­ձա­կելով քրիս­տո­նէու­թեան վրայ։ Այս ար­մա­տական մօ­տեցու­մը բուռն հա­կազ­դե­ցու­թիւններ յա­ռաջա­ցու­ցած է։ Մատ­թէոս Մա­մու­րեան քննա­դատած է Կոս­տանդեանը՝ յա­ռաջ­դի­մու­թեան անոր վե­րացա­կան տես­լա­կանին հա­մար՝ նկա­տելով, որ քրիս­տո­նէու­թեան դէմ յար­ձա­կու­մը կրնար տկա­րաց­նել հա­յոց ազ­գա­յին հա­մախմբուածու­թիւնը, քա­նի որ կրօ­նը էական ըն­կե­րային եւ քա­ղաքա­կան լծակ մըն էր օս­մա­նեան տի­րապե­տու­թեան տակ գտնուող հայ ժո­ղովուրդին հա­մար, յատ­կա­պէս Պեր­լի­նի վե­հաժո­ղովի (1878) օրե­րուն։ Ստե­փան Ոս­կա­նեան նոյնպէս մեր­ժած է Կոս­տանդեանի աստուածամերժութիւնը (athéisme)՝ մտա­հոգուելով, որ փի­լիսո­փայա­կան նիւ­թա­պաշ­տութիւ­նը կրնայ բռնու­թիւն ծնիլ, եւ ընդգծած է կրօ­նի կա­րեւո­րու­թիւնը իբ­րեւ հա­յոց հա­ւաքա­կան ինքնու­թեան հիմք։ Ֆրան­սա­ցի դրականապաշտ Էմիլ Լիթ­րէ Կոս­տանդեանի աշ­խա­տու­թեան մէջ տե­սած է արեւմտեան գի­տու­թեան մի­ջոցով Արե­ւել­քի վե­րափոխ­ման նշան մը՝ միաժա­մանակ ճանչնա­լով կրօ­նի հայ­րե­նասի­րական դե­րը։ Խորհրդա­ժողո­վի եզ­րա­կացու­թիւնը այն էր, որ հայ մտա­ւորա­կան­նե­րու կող­մէ արեւմտեան գա­ղափար­նե­րու ըն­կա­լու­մը կրա­ւորա­կան չէր, այլ՝ բարդ, յատ­կանշուած վե­րամեկ­նա­բանու­թեամբ մը, որ կը մի­տէր հաշ­տեցնել ար­դիակա­նու­թիւնն ու հա­յոց ազ­գա­յին միաս­նա­կանու­թեան պահ­պա­նու­մը։

Խորհրդա­ծու­թիւններ ԺԹ. դա­րու հայ մտա­ւորա­կանու­թեան մա­սին

Այս հա­տուա­ծը լու­սարձա­կի տակ առաւ եր­կու մեծ մտա­ւորա­կան­ներ՝ Մի­քայէլ Նալպանտեանն ու Վար­դան փա­շան, որոնք կը մարմնա­ւորեն ազա­տագրման տար­բեր մօ­տեցումներ։

– Մի­քայէլ Նալպանտեան. Տնտե­սա-ըն­կե­րային յե­ղափո­խու­թիւն եւ ազ­գա­յին հարց – Ժե­րար Մալ­խա­սեան ներ­կա­յացուց ռու­սա­հայ ակա­նաւոր դէմք Մի­քայէլ Նալպանտեանի գա­ղափա­րախօ­սու­թիւնը։ Անոր «Երկրա­գոր­ծութիւ­նը որ­պէս ու­ղիղ ճա­նապարհ» (1862) աշ­խա­տու­թիւնը կը ջա­տագո­վէ ար­մա­տական տնտե­սական բա­րեփո­խում՝ ար­ժե­ւորե­լով գիւ­ղատնտե­սու­թիւնը իբ­րեւ հարստու­թեան եւ ան­հա­տական ազա­տու­թեան աղ­բիւր։ Նալպանտեան գիւ­ղա­ցիու­թիւնը կը կա­պէր ազ­գա­յին ազա­տագրման հետ՝ ազ­գայնու­թիւնը դի­տար­կե­լով իբ­րեւ գլխա­ւոր լծակ կայսրու­թիւննե­րու բռնա­տիրու­թեան դէմ։ Ան ազ­դուած էր ռուս ժո­ղովրդա­վարա­կան հո­սանքնե­րէն եւ եւ­րո­պական յե­ղափո­խու­թիւննե­րէն, եւ հա­կառակ հա­ւատա­ցեալ ըլ­լա­լուն՝ հա­կակ­ղե­րական էր։ 

Մասնակից բա­նախօս­նե­րը ընդգծե­ցին այս մտա­ւորա­կան­նե­րուն մի­ջեւ գո­յու­թիւն ու­նե­ցող կա­պերը, նշե­լով որ Նալպանտեան հան­դի­պած է Ոս­կա­նեանին եւ գո­վաբա­նած Վար­դա­նեանի վէ­պը, ինչ որ ցոյց կու տայ գա­ղափար­նե­րու շրջա­նառու­թիւն մը՝ հա­կառակ կայ­սե­րական տար­բեր են­թա­հողե­րուն։

Յով­սէփ Վար­դա­նեանի «Սահ­մա­նադ­րա­կան ճշմար­տութիւններ»-էն՝ հա­մակե­ցու­թեան պայ­մաննե­րը – Հայկ Տէր Յա­րու­թիւնեան (SEA) ներ­կա­յացուց Յով­սէփ Վար­դա­նեանի (Վար­դան փա­շա) «Սահ­մա­նադ­րա­կան ճշմար­տութիւններ եւ անոնց պար­տա­ւորու­թիւննե­րը» (1863) աշ­խա­տու­թիւնը, որ գրուած է ի պա­տաս­խան «Հա­յոց Ազ­գա­յին Սահ­մա­նադ­րութեան» (Nizamname-i Millet-i Ermeniyan): Վար­դան փա­շա կը հար­ցադրէ հա­յերուն, յատ­կա­պէս գա­ւառաբ­նակնե­րուն կող­մէ այս «սահ­մա­նադ­րութեան» (որ աւե­լի շատ կա­նոնա­գիր մըն էր) ըն­կա­լումն ու ըմբռնու­մը։ Ան կը շեշ­տէ օս­մանցի­ներուն հնա­զան­դե­լու կա­րեւո­րու­թիւնը, սա­կայն կը քննա­դատէ հայ հո­գեւո­րական­նե­րը՝ միաժա­մանակ իրա­ւունքնե­րու եւ պար­տա­կանու­թիւննե­րու հար­ցով ներշնչուելով եւ­րո­պական սահ­մա­նադ­րութիւննե­րէն։ Անոր գոր­ծը կ՚ար­ժե­ւորէ կրթու­թեան եւ Օս­մա­նեան կայսրու­թեան մէջ հայ հա­մայնքի քա­ղաքա­ցիական մաս­նակցու­թեան կա­րեւո­րու­թիւնը։

Կէ­սօրուան դա­դարէն ետք տե­ղի ու­նե­ցաւ երաժշտա­կան ընդմի­ջում մը՝ NoTa Tandem զոյգին (Տա­թեւ եւ Նո­յեմ Թով­մաս) կա­տարո­ղու­թեամբ, ուր հնչեց հին եւ արդի հայ­կա­կան երաժշտու­թիւն, գոր­ծի­քային եւ ձայ­նա­յին մա­տու­ցումով։

Խորհրդա­ժողով 2. Մեկ­նի՞լ, թէ՞ մնալ. մէկ դար ետք

Նա­խագա­հու­թեամբ Գլէր Մու­րա­տեանի (EHESS, CERCEC եւ CNRS), այս բա­ժինը ար­ծարծեց ժա­մանա­կակից Թուրքիոյ մէջ փոք­րա­մաս­նու­թիւննե­րու հար­ցը՝ Ի. դա­րու ող­բերգա­կան իրա­դար­ձութիւննե­րու ընդմէ­ջէն։

– Մեկ­նի՞լ, թէ՞ մնալ. Պոլսոյ յոյ­նե­րուն եր­կընտրան­քը 1955-ի ջար­դե­րէն ետք – Ան­նա Թէոտո­րիտէս (IREST — Փան­թէոն-Սոր­պոն հա­մալ­սա­րան) ներ­կա­յացուց «Մեկ­նի՞լ, թէ՞ մնալ» խո­րագի­րով իր ազ­գագրա­կան ու­սումնա­սիրու­թիւնը՝ վեր­լուծե­լով Պոլսոյ յոյ­նե­րուն («Փո­լիթէս») փոր­ձա­ռու­թիւնը 1955 Սեպ­տեմբեր 6–7-ի ջար­դե­րուն դի­մաց։ Մուսթա­ֆա Քե­մալ Աթա­թիւրքի մա­սին սուտ լու­րով մը ծայր առած այս կազ­մա­կեր­պուած բռնու­թիւննե­րը կը նպա­տակադ­րէին Թուրքիոյ ցե­ղային եւ կրօ­նական տար­րե­րու հա­մահար­թացու­մը։ Թէոտո­րիտէս լու­սարձա­կի տակ առաւ առ­կայ «լուռ յի­շողու­թիւնը» հա­սարակ յոյ­նե­րու մէջ, որոնք վախ­նա­լով «ընդյատակեայ պե­տու­թե­նէն», ընտրե­ցին «դի­մադ­րել՝ մնա­լով» Պոլսոյ մէջ, յար­մա­րելով, զգու­շա­ւոր ռազ­մա­վարու­թիւննե­ր մշակելով։ Անոր «ու­րուագի­ծերու» մեթոտը առիթ տուաւ վե­րակա­ռու­ցե­լու տա­րած­քա­յին պատ­մութիւննե­րը։ Ան շեշ­տեց, որ մեկ­նե­լու կամ մնա­լու ընտրու­թիւնը բարդ ան­հա­տական որո­շում մըն էր, որ կախում ունէր նիւ­թա­կան պայմաննե­րէ, ցան­ցե­րէ եւ տա­րիքէ, սա­կայն նախ եւ առաջ պայ­մա­նաւո­րուած՝ սե­փական ճա­կատա­գիրը տնօ­րինե­լու կամ­քով։

– 6 Սեպ­տեմբեր 1955. արիւ­նա­լի խռո­վու­թեան գի­շեր Կոս­տանդնու­պոլսոյ մէջ. յու­շեր. ար­խիւնե­րու ըն­թերցում եւ ցու­ցադրու­թիւն. անձնա­կան վկա­յու­թիւն – Վար­վա­ռա Պաս­մա­ճեանը (SEA) կի­սեց իր յուզիչ պատմութիւնը 1955-ի ջար­դե­րուն, որոնց վկայ դարձած էր ութ տա­րեկա­նին։ Ան նկա­րագ­րեց այն վա­խը, բռնու­թիւնն ու աւե­րածու­թիւնը, զորս ապ­րած է իր հայ ըն­տա­նիքը՝ «կաս­կա­ծելի» նկա­տուե­լով հա­կայու­նա­կան խռո­վու­թիւննե­րու ենթախորքին վրայ։ Այս դէպ­քը մղեց անոր ծնող­քը, որոնք Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն վե­րապ­րած էին եւ կա­պուած էին Թուրքիոյ, ար­տա­գաղ­թե­լու Ֆրան­սա, ինչ որ խոր եւ մնա­յուն ցնցու­մի մատ­նեց Վար­վա­ռան։ Այս վկա­յու­թիւնը երե­ւան հա­նեց հա­յերուն եւ յոյ­նե­րուն կող­մէ նման իրա­դար­ձութիւննե­րու դի­մաց հա­մատեղ ապ­րուած «լուռ յի­շողու­թիւնը»։

Խորհրդա­ժողով 3. Բե­կոր­ներ եւ վե­րապ­րումներ, փո­խան­ցում եւ ստեղ­ծա­գոր­ծութիւն

Այս բա­ժինը ու­սումնա­սիրեց, թէ ինչպէս արուես­տը, նիւ­թա­կան մշա­կոյ­թը, մար­դա­բանու­թիւնն ու լե­զուա­կան քա­ղաքա­կանու­թիւնը կ՚ար­ձա­գան­գեն Հա­յաս­տա­նի ժա­մանա­կակից մար­տահրա­ւէր­նե­րուն։

– Աղէ­տէն մին­չեւ անոր վե­րապ­րումը. յի­շողու­թիւն եւ նիւ­թա­կա­նու­թիւն Մե­լիք Օհա­նեանի «PULP OFF»-ին մէջ. արուեստ եւ Ցե­ղաս­պա­նու­թեան յի­շողու­թիւն – Վար­դուհի Կի­րակո­սեան (Փա­րիզ 1 հա­մալ­սա­րան) վեր­լուծեց Մե­լիք Օհա­նեանի «Pulp Off» (2014) ստեղ­ծա­գոր­ծութիւ­նը, որ կ՚ու­սումնա­սիրէ Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան յի­շողու­թեան «վե­րապ­րումը»։ Այս տե­ղադ­րական ներկայացումը (installation), որ պատ­րաստուած է Ժա­նին Ալ­թունեանի գիր­քին 120 չվա­ճառուած օրի­նակ­նե­րով (որոնք կը պա­րու­նա­կէին անոր հօր՝ Վահ­րամ Ալ­թունեանի վկա­յու­թիւնը), «ոչնչա­ցու­մը» կը վե­րածէ արուես­տի գոր­ծի մը, որ կ՚ընդգրկէ ու­րա­ցումն ու փո­խանցման խո­չըն­դոտնե­րը։ Գոր­ծը մար­տահրա­ւէր կը կար­դայ ժա­մանա­կի գծա­յին ըմբռնու­մին՝ ցոյց տա­լով, թէ ինչպէս ան­ցեալը կը շա­րու­նա­կէ ներ­կայ մնալ իբ­րեւ հետ­ք եւ լռու­թիւն՝ հան­դի­սատե­սին հա­մար ստեղ­ծե­լով փոր­ձա­ռու­թեան տա­րածք մը։

– Յետ-օս­մա­նեան տա­րած­քի հիւ­սուած­քա­յին պատ­մագրու­թիւննե­րը հայ­կա­կան ասեղ­նա­գոր­ծութեան օրի­նակով (ԺԹ. — Ի. դա­րեր) – Անա­հիտ Գաս­պա­րեան (AMU) ներ­կա­յացուց իր հե­տազօ­տու­թիւնը նուիրուած՝ ԺԹ. դա­րու հայ­կա­կան ասեղ­նա­գործ հիւ­սուածքնե­րուն, որոնք կը վե­րագ­րուին Վա­նի ոճին։ Ան լու­սարձա­կի տակ առաւ ար­հեստա­գիտա­կան ման­րա­մաս­նութիւննե­րը (շրջե­լի խաչ­կար, հա­մաչափ նախ­շեր) եւ միջմշա­կու­թա­յին տար­րե­րու առ­կա­յու­թիւնը, ինչպէս՝ քու­ֆիական կնիք­նե­րը։ Անոր աշ­խա­տան­քը հար­ցա­կանի տակ կը դնէ թան­գա­րանա­յին դա­սակար­գումներն ու աշ­խարհագ­րա­կան անո­րոշ վե­րագ­րումնե­րը՝ ընդգծե­լով ար­հեստնե­րու եւ առար­կա­ներու տե­ղաշար­ժը Օս­մա­նեան կայսրու­թեան մէջ։ Գասպարեան շեշ­տեց այս հիւ­սուածքնե­րը իբ­րեւ «փո­խան­ցուած հմտու­թեան» եւ մշա­կու­թա­յին տո­կու­նութեան դրսե­ւորում ու­սումնա­սիրե­լու անհրա­ժեշ­տութիւ­նը։ Քննար­կում ծա­ւալե­ցաւ այս առար­կա­ներուն եւ արուես­տի գոր­ծե­րուն «աշ­խարհիկ սրբու­թեան» շուրջ, որոնք կրօ­նէն ան­դին խոր իմաստ կը կրեն ինքնու­թեան կերտման տեսանկիւնէն։

Խորհրդա­ժողով 4. Հա­յաս­տան. ժա­մանա­կակից մար­տահրա­ւէր­ներ

– Շար­ժա­կան հայ­րե­նիք. լե­զու, նիւ­թա­կանու­թիւն եւ կան­խա­տեսում Ար­ցա­խէն բազ­մա­կի տե­ղահա­նու­թիւննե­րու պա­րու­նա­կին մէջ. Ար­ցա­խի գաղթա­կան­նե­րու փոր­ձա­ռու­թեան կան­խա­տեսա­կան մօ­տեցումնե­րը – Գո­հար Ստե­փանեան (ՀՀ ԳԱԱ Հնա­գիտու­թեան եւ ազ­գագրու­թեան հիմ­նարկ) ներ­կա­յացուց ար­ցախցի գաղթա­կան­նե­րուն մօտ «կան­խա­տեսա­կան» մօ­տեցու­մի հաս­կա­ցու­թիւնը, այ­սինքն՝ թէ ինչպէս ապա­գայի (յա­ճախ դժուարին) սպա­սու­մը գոր­ծուն կեր­պով կը կազ­մա­կեր­պէ անոնց ներ­կայ գոր­ծո­ղու­թիւննե­րը։ Ան այս «գոր­ծուն են­թա­կայա­կանու­թեան» օրի­նակ­ներ տուաւ՝ անուննե­րու ընտրու­թիւն՝ զան­գուածին մէջ ձու­լուելու հա­մար, զի­նուո­րական ինքնու­թեան իրե­րու ոչնչա­ցում՝ ազեր­պայճա­նական ու­ժե­րու ժա­մանու­մէն առաջ, կամ ըն­տա­նեկան փաս­տա­թուղթե­րու կան­խարգե­լիչ թուային ար­խի­ւացում։ Այս գոր­ծե­լաոճե­րը ցոյց կու տան դի­մադ­րո­ղակա­նու­թեան ձեւ մը եւ ան­հա­տական սրբա­վայ­րե­րու ու ար­ցա­խեան «բար­բա­րոս լե­զուի» պահ­պանման ընդմէ­ջէն «Ար­ցա­խը այ­լուր վե­րակա­ռու­ցե­լու» կամք մը։

– Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թեան լե­զուա­կան պե­տական քա­ղաքա­կանու­թեան եր­կու յա­րացոյ­ցը. Հա­յաս­տա­նի ժա­մանա­կակից լե­զուա­կան քա­ղաքա­կանու­թեան մար­տահրա­ւէր­նե­րը – Սի­րանոյշ Դվո­յեան (ՀԱՀ, ՀՀ Լե­զուի կո­միտէ) ար­ծարծեց Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թեան մէջ լե­զուա­կան քա­ղաքա­կանու­թեան մար­տահրա­ւէր­նե­րը։ Ան ընդգծեց այն լարուածութիւնը, որ գոյութիւն ունի երկու մօտեցումներու միջեւ. մէկ կողմէ՝ արեւելահայերէնի (իբրեւ պաշտօնական եւ չափօրինակուած պետական լեզու) խթանումը, իսկ միւս կողմէ՝ բազմալեզուութեան, յատկապէս արեւմտահայերէնի եւ փոքրամասնութիւններու լեզուներու ճանաչման ու պաշտպանութեան անհրաժեշտութիւնը։ Դվոյեան շեշ­տեց հա­յերէ­նով գի­տական ար­տադրու­թեան աջակ­ցե­լու եւ լե­զուն որ­պէս աշխուժ «մտա­ծողու­թեան գոր­ծիք» պահ­պա­նելու կա­րեւո­րու­թիւնը՝ ոչ միայն Հա­յաս­տա­նի, այ­լեւ Սփիւռքի մէջ։

– Եր­կու եկե­ղեցա­բանա­կան կաղապարներ Հա­յաս­տա­նեայց եկե­ղեց­ւոյ մէջ եւ ներ­կայ ճգնա­ժամը – Գո­հար Յա­րու­թիւնեան (ան­կախ հե­տազօ­տող) վեր­լուծեց Հայ եկե­ղեց­ւոյ եր­կու եկե­ղեցա­բանա­կան կաղապար­ներ՝ բրգա­ձեւ (վե­րէն վար, միապե­տական) եւ սինո­դոսա­կան (հո­րիզո­նական, ծի­սական, ժո­ղովա­կանու­թեան վրայ հիմ­նուած)։ Ան ցոյց տուաւ, թէ ինչպէս լա­տինա­կան աւան­դութե­նէն (շնորհքի վար­դա­պետու­թիւն, օծում) ազ­դուած բրգա­ձեւ կաղապարը աւե­լի գե­րիշ­խող դար­ձած է, մինչդեռ սինո­դոսա­կան կաղապարը, որ հիմ­նուած է Եկե­ղեց­ւոյ ազ­գա­յին ժո­ղովին վրայ (ընդգրկե­լով աշ­խարհա­կան­ներ ու հո­գեւո­րական­ներ), պատ­մա­կանօ­րէն աւե­լի հին է եւ կ՚ար­տա­ցոլէ հա­ւասա­րապաշ­տա­կան տես­լա­կան մը («առա­ջինը՝ հա­ւասար­նե­րու մի­ջեւ»)։ Ըստ անոր՝ Հայ եկե­ղեց­ւոյ ներ­կայ ճգնա­ժամը եկե­ղեցա­բանա­կան բնոյթ ու­նի եւ կը կա­րօտի վե­րանա­յու­մի՝ վե­րականգնե­լու հա­մար Եկեղեցւոյ ազ­գա­յին ժո­ղովի իշ­խա­նու­թիւնն ու վե­րահաս­տա­տելու սինո­դոսա­կան կաղապարը, որով կ՚երաշ­խա­ւորուի Եկե­ղեց­ւոյ ապա­գան։

SEA-ի նա­խագահ Գլէր Մու­րա­տեան եզ­րա­փակեց օրը՝ ընդգծե­լով հա­յագի­տական ու­սումնա­սիրու­թիւննե­րու հարստու­թիւնն ու խոր­քը, որոնք պատ­մա­կան նշա­նակա­լի դրուագ­նե­րը կը կա­պեն յի­շողու­թեան, ինքնու­թեան, մշա­կու­թա­յին գո­յատեւ­ման եւ կա­ռավար­ման ժա­մանա­կակից հար­ցե­րուն։ Քննար­կումնե­րը լու­սարձա­կի տակ առին ցնցումնե­րու դի­մաց հայ հա­մայնքնե­րու տո­կու­նութիւ­նը, մշա­կու­թա­յին փո­խանցման մէջ նո­րարա­րու­թիւն մտցնե­լու անոնց կա­րողու­թիւնը, ինչպէս նաեւ այն բարդ մար­տահրա­ւէր­նե­րը, որոնց կը դի­մագ­րա­ւէ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թիւնը՝ իր ժա­ռան­գութիւ­նը պահ­պա­նելու եւ կեն­սունակ ապա­գայ մը ապա­հովե­լու հա­մար։

Թ. Շ. ■

Տե­սանիւ­թը՝ ստորեւ.