Եւրոպական հռչակաւոր «Պենֆիքա»-ն Հայաստանի մէջ կը կառուցէ աշխարհի իր մեծագոյն ակադեմիաներէն մէկը
Բացումը՝ 2027 Յուլիսին
Եւրոպայի ամէնէն հարուստ պատմութիւն ունեցող եւ յաջողակ ակումբներէն մէկը՝ փորթուկալական «Պենֆիքա»-ն, Հայաստանի մէջ ֆութպոլի ակադեմիա մը կը հիմնէ, որուն պաշտօնական բացումը նախատեսուած է 2027 Յուլիսին: Իր տարողութեամբ, ներդրումներու ծաւալով եւ ենթակառոյցներով այս հաստատութիւնը պիտի դասուի «Պենֆիքա»-ի կառուցած ամէնէն մեծ միջազգային կեդրոններու շարքին: Ըստ Հայաստանի Ֆութպոլի դաշնակցութեան (ՀՖՖ), Ֆութպոլային ներդրումներու խումբին եւ «Պենֆիքա»-ի պաշտօնական կայքէջին՝ Հայաստանի մայրաքաղաքը պիտի հիւրընկալէ փորթուկալական հսկային համաշխարհային ցանցին մաս կազմող միայն երրորդ միջազգային զարգացման կեդրոնը:
«Պենֆիքա»-ի հայաստանեան ակադեմիան պիտի կարենայ ընդունիլ 4-17 տարեկան աւելի քան 1000 պատանի ֆութպոլիստ: Անոնք պիտի մարզուին անմիջապէս ակումբի աշխարհահռչակ մեթոտաբանութեամբ եւ անոր մարզչական կազմի վերահսկողութեան տակ, ինչ որ հայ մանուկներուն ու պատանիներուն առիթ պիտի ընձեռէ օգտուելու զարգացման այն նոյն համակարգէն, որ Փորթուկալի մէջ համաշխարհային մակարդակի տաղանդներու ծնունդ տուած է:
Ակադեմիան իր աշխատանքները պիտի սկսի 2027-2028 տարեշրջանէն՝ Երեւանի մէջ գտնուող ՀՖՖ-ի «Տեխնիկական կեդրոն»-էն ներս: Միաւորելով փորթուկալական համակարգը տեղական մեծ ներդրումներու եւ արդիական պայմաններու հետ՝ այս ծրագիրը կը նկատուի տարածաշրջանի ամէնէն յաւակնոտ ֆութպոլային նախաձեռնութիւններէն մէկը: Ան Կովկասի մէջ կը հաստատէ «Պենֆիքա»-ի նոր հանգոյցը եւ կ՚ամրապնդէ ակումբի միջազգային ակադեմիաներու եւ մասնագիտական գործընկերութիւններու աճող ցանցը:
Խաղացողներու պատրաստութենէն անդին, ծրագիրը յատուկ շեշտ կը դնէ տեղական մարզիչներու, արհեստագիտական կազմի եւ ֆութպոլի մասնագէտներու վերապատրաստման եւ վկայագրման վրայ՝ նպատակ ունենալով բարձրացնել մարզաձեւի չափանիշերը ամբողջ երկրին մէջ: Նախագիծը յանձնառու է ապահովելու մարզիչներու շարունակական կրթութիւն, խաղացողներու զարգացման միասնական համակարգ եւ միջազգային լաւագոյն փորձառութեան փոխանցում հայ մասնագէտներուն: Խաղացողներն ու մարզիչները նաեւ ուղղակի կապ պիտի հաստատեն Լիզպոնի «Պենֆիքա Գամփիւս»-ին հետ՝ հասանելիութիւն ունենալով ակումբի համաշխարհային ցանցի արհեստագիտական փոխանակման ծրագրերուն, կրթական նախաձեռնութիւններուն, մրցաշարքերուն եւ տաղանդներու բացայայտման հնարաւորութիւններուն:
Շնորհիւ «Պենֆիքա»-ի ուրոյն մեթոտաբանութեան (Benfica Way), որ կեդրոնացած է կրթութեան եւ տաղանդներու երկարաժամկէտ զարգացման վրայ, ակումբը ներկայիս կը հասնի աւելի քան 20 հազար պատանի խաղացողներու՝ աշխարհի 30 տարբեր երկիրներու մէջ:
