Վարչապետ Փաշինեանի հեռաձայնային զրոյցը նախագահ Մաքրոնի հետ
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային զրոյց ունեցած է նախագահ Էմանիւէլ Մաքրոնի հետ։ Նախագահ Մաքրոն վերստին շնորհաւորած է վարչապետ Փաշինեանը խորհրդարանական ընտրութիւններուն տարած յաղթանակին առիթով՝ յաջողութիւն մաղթելով անոր յառաջիկայ գործունէութեան ընթացքին։
Զրուցակիցները քննարկած են Հայաստան-Ֆրանսա ռազմավարական գործընկերութեան օրակարգին վերաբերող հարցեր՝ վերահաստատելով երկկողմ յարաբերութիւններու հետեւողական զարգացման եւ համագործակցութեան ընդլայնման իրենց փոխադարձ պատրաստակամութիւնը։
Վարչապետ Փաշինեան շնորհակալութիւն յայտնած է նախագահ Մաքրոնին՝ Հայաստանի ժողովրդավարական բարեփոխումներու օրակարգին Ֆրանսայի ցուցաբերած շարունակական աջակցութեան համար։ Ան ընդգծած է նաեւ երկկողմ առեւտրատնտեսական համագործակցութեան խորացման եւ հայաստանեան արտադրանքներու արտածման կարելիութիւններու ընդլայնման կարեւորութիւնը։
Անդրադարձ կատարուած է նաեւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն գործընկերութեան խորացման ընթացքին, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային եւ միջազգային օրակարգի հարցերուն։
Միաժամանակ քննարկուած է Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ խաղաղութեան գործընթացը։ Երկուստեք ընդգծուած է Հարաւային Կովկասի մէջ կայուն եւ մնայուն խաղաղութեան հաստատման կարեւորութիւնը։ ■
