Մոսկուայի եւ Անգարայի միջեւ տարեկան առեւտրական ծաւալը կը հասնի 50 միլիառ տոլարի
Թուրքիոյ մէջ Ռուսաստանի դեսպան Սերկէյ Վերշինին
Այս լրատւութիւնը ընթերցողին ուշադրութեան կը յանձնենք զուտ առ ի գիտութիւն, որպէսզի, եթէ օր մը յանկարծ անհրաժեշտութիւն յառաջանայ խորքային իմաստ տալու եւ վերլուծելու հայ-ռուսական առերեւոյթ «աւելի քան սերտ» յարաբերութիւնները, աշխարհաքաղաքական այս իրական պատկերը, ի շարս այլ ազդակներու, օգնէ ճիշդ եւ ամբողջական եզրայանգումներ կատարելու։
Ռուսաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ առեւտուրի ծաւալը տարեկան կը հասնի շուրջ 50 միլիառ տոլարի։ Թուրքիոյ մէջ Ռուսաստանի դեսպան Սերկէյ Վերշինին յայտնած է, որ ռուս-թրքական տնտեսական կապերը յաջողութեամբ կը զարգանան, եւ ներկայիս արձանագրուած 50 միլիառի սեմը վերջնական սահմանը չէ։ Դեսպանին համաձայն՝ Մոսկուան եւ Անգարան բազմիցս հաստատած են, որ երկու երկիրներուն ռազմավարական նպատակն է այս շրջանառութիւնը ապագային հասցնել տարեկան մինչեւ 100 միլիառ տոլարի։
Այս ծիրէն ներս ան երկկողմ գործակցութեան կարեւորագոյն բաղադրիչ նկատած է Թուրքիոյ մէջ Ռուսաստանի կողմէ կառուցուող «Աքքույու» հիւլէակայանի նախագիծը, որ Թուրքիոյ համար բոլորովին նոր ոլորտի մը մէջ հսկայական յառաջընթաց կ՚ապահովէ։ Վերշինին ընդգծած է, որ ռուսական կողմը ուրախ է իր ներդրումը ունենալու տնտեսական եւ արհեստագիտական համագործակցութեան այս բացառիկ ծրագրին մէջ։ ■
