Ազերպայճան «ռուսական քարիւղ կ՚արտածէ»

6000-1195

Վահրամ ԱԹԱՆԷՍԵԱՆ

« 1in.am », Երեւան, 2026 Յուլիս 25

Եւրո­պական Միու­թիւնը հա­մաձայ­նութեան յանգած է Ռու­սաստա­նի տաս­նեակ մը իրա­ւաբա­նական ան­ձե­րու դէմ պատ­ժա­միջոց­նե­րու 21-րդ ծրարին շուրջ։ Ազեր­պայճա­նական ընդդի­մադիր «Gazetchi» կայ­քի տե­ղեկու­թիւննե­րուն հա­մաձայն՝ այս ցան­կին մէջ ընդգրկուած է նաեւ «Redwood Global Supply FZ-LLC» ըն­կե­րու­թիւնը, որ անցեալ տա­րուը­նէ ի վեր կը գտնուի նաեւ Մեծն Բրի­տանիոյ կա­ռավա­րու­թեան սահ­մա­նած պատ­ժա­միջոց­նե­րուն տակ։

Զանազան աղ­բիւրնե­րու համաձայն՝ յի­շեալ հաս­տա­տու­թիւնը ար­ձա­նագ­րուած է Արա­բական Միացեալ Էմի­րու­թիւննե­րու մէջ, սա­կայն անոր հիմ­նա­դիր­նե­րուն եւ բաժ­նե­տէրե­րուն վե­րաբե­րեալ որե­ւէ տե­ղեկու­թիւն չէ հրա­պարա­կուած։ Ուքրա­ինայի կա­ռավա­րու­թեան տրա­մադ­րած հա­ղոր­դագրու­թիւննե­րուն հա­մաձայն՝ ըն­կե­րու­թիւնը կը հան­դի­սանայ ռու­սա­կան անմշակ քա­րիւ­ղի մեծա­գոյն ար­տա­ծող­նե­րէն մէ­կը։

Ազեր­պայճա­նական ընդդի­մադիր կայ­քէջը պար­զած է նաեւ, որ ռու­սական քա­րիւ­ղի մե­ծածա­ւալ ար­տա­ծու­մով զբա­ղող այս ըն­կե­րու­թեան տնօ­րէն­ներն են Թա­հիր Գա­րաեւը, Էթի­պար Էյու­պո­վը, Թա­լաթ Սա­ֆարովն ու Ահ­մետ Քե­րիմո­վը։ Թէեւ յստակ չէ՝ ար­դեօք նշեալ ան­ձե­րը Ազեր­պայճա­նի՞, թէ՞ այլ պե­տու­թեան քա­ղաքա­ցիներ են, սա­կայն հիմ­նա­ւոր կաս­կածներ կան, որ անոնք առնչու­թիւն ու­նին ռու­սա­կան «Լու­քօյլ» ըն­կե­րու­թեան սե­փակա­նատէր Վա­կիթ Ալեք­փե­րովի հետ։ Յի­շեց­նենք, որ «Լու­քօյլ»-ը ռու­սական քա­րիւ­ղի ար­դիւնա­բերու­թեան հսկա­ներէն է, որ նաեւ բաժ­նե­տոմ­սեր ու­նի Պա­քու-Ճէյ­հան նա­խագի­ծին մէջ, իսկ անոր սե­փակա­նատէ­րը Ռու­սաստա­նի հա­րիւր ամէ­նէն ազ­դե­ցիկ գոր­ծիչնե­րու շար­քին կա­յուն դիրք կը գրա­ւէ։

Ներ­կա­յիս յայտնի չէ, թէ «Redwood Global Supply FZ-LLC»-ն որ­քա­նո՞վ կա­պ ունի Ազեր­պայճա­նի իշ­խա­նու­թիւննե­րուն կամ «SOCAR» պե­տական ըն­կե­րու­թեան հետ։ Նախապէս պար­զուած էր, թէ Եւ­րո­պական Միու­թեան պատ­ժա­միջոց­նե­րուն են­թարկուած քա­նի մը նաւ­թա­տար­նե­րու սե­փակա­նատէր ըն­կե­րու­թիւնը ար­ձա­նագ­րուած է Ազեր­պայճա­նի Սումկա­յիթ քա­ղաքի բնա­կելի շէն­քի մը մէջ, իսկ անոր հիմ­նա­դիր դրա­մագ­լուխը կը կազ­մէ ըն­դա­մէնը հա­զար մա­նաթ։

Մի­ջազ­գա­յին մա­մու­լը մշտա­պէս ահա­զան­գած է Ռու­սաստա­նի եւ Ազեր­պայճա­նի մի­ջեւ ու­ժա­նիւ­թա­յին մար­զէն ներս գո­յու­թիւն ու­նե­ցող ստուերա­յին գոր­ծակցու­թեան մա­սին։ Լուրջ կաս­կածներ կան, որ Ազեր­պայճա­նէն դէ­պի եւ­րո­պական եր­կիրներ ար­տա­ծուող բնա­կան կա­զի ծա­ւալ­նե­րուն մեծ մա­սը իրա­կանու­թեան մէջ ռու­սա­կան ծա­գում ու­նի։ Թէեւ այս տե­ղեկու­թիւննե­րը պաշ­տօ­նապէս չեն հաս­տա­տուած, սա­կայն չեն ալ հեր­քուած։ Եւ­րո­պական պատ­ժա­միջոց­նե­րու ցան­կին մէջ ազեր­պայճա­նական գրան­ցում ու­նե­ցող նաւ­թա­տար­նե­րու, ռու­սա­կան անմշակ քա­րիւ­ղի ար­տա­ծու­մով զբա­ղող ու ազեր­պայճան­ցի տնօ­րէն­ներ ու­նե­ցող ըն­կե­րու­թիւննե­րու ընդգրկու­մը աւե­լի կը խո­րաց­նէ Ռու­սաստա­նի եւ Ազեր­պայճա­նի մի­ջեւ գաղտնի գոր­ծարքնե­րու վե­րաբե­րեալ կաս­կածնե­րը։

Ռու­սա­կան ըն­կե­րու­թիւննե­րուն եւ դրա­մատու­նե­րուն դէմ եւ­րո­պական պատ­ժա­միջոց­նե­րու այս նոր ծրարին որ­դեգրու­մը յա­ջոր­դեց Իլ­համ Ալիեւի պեր­լի­նեան այ­ցե­լու­թեան։ Այդ այ­ցին ըն­թացքին ան յայ­տա­րարած էր, թէ Ազեր­պայճան պատ­րաստ է եւ ի վի­ճակի է Եւ­րո­պական Միու­թեան ու­ժա­նիւ­թա­յին անվտան­գութեան ապա­հով­ման հար­ցին մէջ փո­խարի­նելու Ռու­սաստա­նը։ Եթէ ապա­ցու­ցուի, որ Ազեր­պայճա­նը կամ անոր հետ ուղղա­կի թէ միջ­նորդա­ւորուած կեր­պով կա­պուած ըն­կե­րու­թիւննե­րը փաս­տա­ցիօրէն կ՚աջակ­ցին Ռու­սաստա­նին եւ կը զբա­ղին ռու­սա­կան անմշակ քա­րիւ­ղի մե­ծածա­ւալ ար­տա­ծումով, ապա եւ­րո­պական հան­րա­յին կար­ծի­քը կրնայ խստօ­րէն տրա­մադ­րուիլ Ալիեւի դէմ։ Ասիկա յատկապէս հաւանական է մա՛նաւանդ, երբ եւրոպական տարբեր երկիրներու մէջ գործող ազերպայճանցի քաղաքական վտարանդիները մշտա­պէս կը բո­ղոքեն Եւ­րո­պական յանձնա­ժողո­վի նա­խագահ Ուրսու­լա ֆոն տեր Լա­յէնի «յար­մա­րո­ղական» քա­ղաքա­կանու­թեան դէմ՝ քննա­դատե­լով զայն կա­զի դի­մաց մար­դու իրա­ւունքնե­րու պաշտպա­նու­թիւնը ան­տե­սելու մեղադրանքով։

Արեւելահայերէնէ պատշաճեցում՝ «ՆՅ»

*  *  *

«ՆՅ» – Ազեր­պայճա­նը «վստա­հելի գոր­ծընկեր» որա­կող բա­նաձե­ւու­մը, որ առա­ջին ան­գամ Ուրսու­լա ֆոն տեր Լա­յէնի շուրթե­րէն հնչեց 2022 Յու­լի­սին՝ 44-օրեայ պա­տերազ­մին եւ Ար­ցա­խի մէջ ցե­ղային զտման գոր­ծո­ղու­թեան «աւար­տին» մի­ջեւ ին­կած ժա­մանա­կահա­տուա­ծին, վեր­ջերս վերստին կրկնուեցաւ անոր կող­մէ։ Ար­դա­րեւ, ան­ցեալ Յու­լիս 2-ին «NOVA.NEWS» կայ­քը կը հա­ղոր­դէր. «Ուրսու­լա ֆոն տեր Լա­յէն կրկին Ազեր­պայճա­նը որա­կեց իբ­րեւ եւ­րո­պական մա­տակա­րարումնե­րու այ­լա­զան­ման “վստա­հելի” գոր­ծընկեր՝ ընդգծե­լով Հա­րաւա­յին կա­զային մի­ջանցքի դե­րակա­տարու­թիւնը ռու­սաստա­նեան առա­քումնե­րու կրճա­տու­մէն ետք»։

Ու­րեմն, կա՛մ տի­կին Ուրսու­լա ֆոն տեր Լա­յէն ապշեցուցիչ կերպով ապիկար քաղաքական գործիչ մըն է, կա՛մ ալ՝ մե՜ծ կեղծաւոր մը…։ Երկուքէն մէկը. կամ թերեւս՝ երկուքը միասին…