Հայերէնը՝ ամերիկեան շարժանկարի մը մէջ («The Deep Six») առաջին անգամ հնչեց 1958-ին
1958-ին, պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով, հայոց լեզուն հնչեց ամերիկեան շարժանկարի մը մէջ։ Այդ ժապաւէնը համաշխարհային Բ. պատերազմի մասին պատմող «The Deep Six» ծովային ժապաւէնն էր (բեմադիր՝ Ռուտոլֆ Մաթէ, գլխաւոր դերակատար՝ Ալէն Լէտ)։ Պատմական այս դրուագը հոլիվուտեան պաստառ բարձրացուց ամերիկահայ երաժիշտ Ռոս Պաղտասարեան (որ շուտով պիտի ստեղծէր հանրածանօթ «Ալվին եւ Շիկամուկերը» [Alvin and the Chipmunks] ծրագիրը)։
Ժապաւէնին մէջ Պաղտասարեան կը մարմնաւորէ ծովային զինուոր Ահարոն Սլոպոճեանը, որ իր նաւաստի ընկերները կը տանի հայկական հաւաքոյթի մը։ Ան բեմ կը բարձրանայ, սահուն հայերէնով կը խօսի ներկաներուն, ապա անգլերէնով կը դառնայ իր ընկերներուն եւ կ՚ըսէ. «Եկէ՛ք մեր ծովային եղբայրներուն ցոյց տանք, թէ ի՛նչ է իսկական հայկական հիւրասիրութիւնը»։
Տեսարանին մէջ նաւաստիները դիմաւորող եւ անոնց հայերէնով «բարեւ» ըսող մատուցողի դերը կը խաղայ սանֆրանսիսքոցի հայ ծաղկավաճառ եւ դերասան Ալ Նալպանտեան։ Վերջինս, 70 տարի շարունակ ծաղիկի իր վաճառակէտը աշխատցնելուն զուգահեռ, հետագային դերեր ստանձնած է Ֆրանսիս Ֆորտ Քոփոլայի շարք մը նշանաւոր ժապաւէններուն մէջ (ինչպէս՝ «American Graffiti», «The Conversation», «Tucker»)։
Ճիշդ է, որ ամերիկեան շարժարուեստը նախապէս ալ անդրադարձած էր հայկական նիւթերու (օրինակ՝ 1919-ի «Յօշոտուած Հայաստան» ժապաւէնը), սակայն անիկա համր էր. նման շարժանկարներ արդէն իսկ կը նկարահանուէին 30-40-ականներուն Խորհրդային Միութեան մէջ, բայց ոչ՝ Հոլիվուտի։ Ուստի ասիկա ամերիկեան պաստառէն հայերէնի առաջին արձագանգն էր։
Այս քայլը լիովին կը համապատասխանէր Պաղտասարեանի նկարագրին, որ իր զարմիկին՝ Ուիլիըմ Սարոյեանի հետ հայկական ժողովրդական մեղեդի մը վերածած էր փոփ ժանրի թիւ մէկ հիթի («Come On-a My House»):
Այս դրուագին յուշերը մեզի հասած են Նալպանտեանի փեսային՝ 2022 թուականին նկարահանուած «Ամերիկացի» ժապաւէնի արտադրող Փաթրիք Մալխասեանի միջոցաւ։ Ընդամէնը քանի մը վայրկեան տեւող այդ տեսարանը պատմական քայլ մըն էր, որուն շնորհիւ հայոց լեզուն մուտք գործեց ամերիկեան մեծ պաստառ։ ■
