Մատենադարանին եւ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան միջեւ ստորագրուեցաւ պայմանագիր
Կայացաւ նաեւ կլոր սեղան-քննարկում
Յուլիս 24-ին, երրորդ Հայագիտական միջազգային համագումարի ծիրէն ներս, տեղի ունեցաւ աւանդութեան վերածուած կլոր սեղան-քննարկում մը՝ Մատենադարանի ղեկավար անձնակազմին եւ հայ հոգեւոր-ձեռագրական կեդրոններու ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ։
Քննարկումին իրենց մասնակցութիւնը բերին հայ հոգեւոր-ձեռագրական գլխաւոր կեդրոններու՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութեան, Պոլսոյ Հայոց պատրիարքութեան, Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան եւ Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան ներկայացուցիչները։ Հրաւիրեալներու շարքին էին նաեւ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքի տնօրէն Ռազմիկ Փանոսեանն ու Հիմնական գիտական գրադարանի տնօրէնի խորհրդական Տիգրան Զարգարեանը։

Օրակարգը կ՚ընդգրկէր հարցերու լայն շրջանակ մը, որոնց մէջ յատկապէս կ՚առանձնանային ձեռագրական հաւաքածոներու պահպանութեան համակարգի արդիականացումը, թուայնացումն ու գիտական հետազօտութիւնը։ Բոլոր կողմերը վերահաստատեցին իրենց անվերապահ պատրաստակամութիւնը՝ շարունակելու արդէն իսկ իրագործուող միացեալ ծրագիրերն ու մշակելու յառաջիկայ գործողութիւններու յստակ ուղեցոյց մը։

Այս ծիրէն ներս, մասնաւորապէս կարեւոր նկատուեցան Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան մէջ կատարուած առաքելութեան արդիւնքները, Զմմառի կղերի միաբանութեան նորաստեղծ ենթակառոյցներուն ցուցաբերուած փորձագիտական աջակցութիւնը, ինչպէս նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութենէն բերուած 10-րդ դարու Աւետարանին վերականգնումը։ Այս առիթով, Մատենադարանի տնօրէնութիւնը պաշտօնապէս հրաւէր ստացաւ այցելելու Անթիլիաս եւ Զմմառ։
Մասնակիցները միաձայնութեամբ ընդգծեցին Հայագիտական միջազգային համագումարին բացառիկ դերը՝ իբրեւ առկայ խնդիրներու միացեալ վերլուծման եւ գործակցութեան հաստատութենական հարթակ։

Հանդիպումի աւարտին, Մատենադարանին եւ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան միջեւ ստորագրուեցաւ երկամեայ պայմանագիր մը, որուն գլխաւոր նպատակն է ապահովել համահաւաք ձեռագրացուցակի ստեղծման աշխատանքներուն շարունակականութիւնը։
