Սահմանի հաւանական բացման ընդառաջ

Երկաթուղի-2

Թուրքիա սկսած է Կարս-Գիւմրի երկաթուղիի վերականգնման աշխատանքները

Թուրքիա սկսած է Կարս-Գիւմրի երկաթուղիի թրքական հատուածի վերականգնման աշխատանքները, որոնք մաս կը կազմեն Հայաստան-Թուրքիա սահմանի հաւանական վերաբացման նախապատրաստական քայլերուն։

Աքեաքայի քաղաքապետ Էրկիւտեր Թոփթաշի համաձայն՝ շինարարական աշխատանքները արդէն իսկ ընթացքի մէջ են, եւ կը նախատեսուի զանոնք ամբողջացնել երկուքէն երեք ամսուան ընթացքին։ Նշենք, որ Կարսն ու Գիւմրին իրարու կապող երկաթուղային գիծը ունի շուրջ 62 քիլոմեթր երկարութիւն։

Յիշեցնենք, որ 2025 Սեպտեմբերին Հայաստան եւ Թուրքիա համաձայնութիւն ձեռք բերած էին՝ երկաթուղիի վերանորոգման եւ վերաբացման համար անհրաժեշտ արհեստագիտական ուսումնասիրութիւններ կատարելու շուրջ։

Այսուհանդերձ, երկու երկիրներուն միջեւ սահմանը տակաւին փակ կը մնայ։