Կանոնական դաշտ վերադառնալու քանի մը յորդորներէ ետք, Ամենայն հայոց կաթողիկոսը Մասեացոտնի թեմի առաջնորդի պաշտօնէն ազատ կացուցած է վարչապետին միացած Գէորգ եպիսկոպոս Սարոյեանը։
Մայր Աթոռի հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի. «Տնօրինման համար հիմք ծառայած են առաջնորդի հանգամանքը չարաշահելու, պարտականութիւններուն մէջ թերանալու, թեմի եկեղեցականաց նկատմամբ հարկադրանք ու ճնշումներ գործադրելու պարագաները։ Մասեացոտնի թեմի առաջնորդական տեղապահ նշանակուած է Հոգեշնորհ Տ․ Ռուբէն վարդապետ Զարգարեանը»։
Գէորգ Եպիսկոպոս Սարոյեան Վեհափառին հրաժարականը պահանջող 10 եպիսկոպոսներու շարքին է։ Առայժմ յստակ չէ, թէ արդեօք Կաթողիկոսը պիտի ազատէ նաեւ վարչապետին միացած միւս ինը եպիսկոպոսները։
Կաթողիկոսի որոշումէն ետք՝ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Դիմագիրքի իր էջին վրայ գրառումով մը յայտնած է. «Ըսած եմ արդէն, որ Կտրիճ Ներսիսեանը Ամենայն հայոց կաթողիկոս չէ եւ հետեւաբար այդ դիրքէն անոր կայացուցած որոշումները մեզի համար արժէք չունին եւ առ ոչինչ են։ Տէր Գէորգ եպիսկոպոս Սարոյեան կը շարունակէ մնալ Հայաստանեայց առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ Մասեացոտնի թեմի առաջնորդ»։
Գէորգ եպիսկոպոս Սարոյեան նախապէս «Առաւօտ» թերթին հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսած էր, թէ Կաթողիկոսին վերագրուող մեղադրանքներուն վերաբերեալ փաստեր դրուած են իրենց առջեւ, որմէ ետք ինք հասկցած է, թէ ինչո՛ւ Եկեղեցին ներքաշուեցաւ քաղաքականութեան մէջ։
Թէ ո՛վ եւ ինչպիսի՞ փաստեր դրաւ Կաթողիկոսի հրաժարականը պահանջող եպիսկոպոսին առջեւ, Գէորգ Սրբազանը չէր մանրամասնած, բայց պնդած էր. «Հայ եկեղեցին միայն մեր ազգային շահին պէտք է ծառայէ, եւ ոեւէ մէկը, ո՛վ ալ ըլլայ, իրաւունք չունի Եկեղեցին ներքաշելու քաղաքական պայքարի մէջ՝ զայն ծառայեցնելով օտար շահերու»։
Լրագրողին հարցումին, թէ «հիմա Դուք կը հաւատա՞ք, որ Եկեղեցւոյ առաջնորդը գործակալ է»,– ան պատասխանած էր. «Փաստաթուղթեր, հանդիպումներու արձանագրութիւններ… դեռ ի՞նչ ըսեմ»։
