Գիրքի երեւանեան փառատօնին՝ «Արեւմտահայերէն բանաստեղծութեան» մրցոյթ
Սեպտեմբեր 4-էն 6 պիտի կայանայ Գիրքի երեւանեան միջազգային 9-րդ փառատօնը, որուն այս տարուան գլխաւոր նիւթը լեզուն է՝ իբրեւ մարդկային քաղաքակրթութեան յիշողութիւնն ու մշակութային շարունակականութիւնը փոխանցող կամուրջ: Այս բնաբանին ծիրէն ներս, փառատօնը հանդէս պիտի գայ նորութիւնով մը. աշխարհի բոլոր երկիրներու քաղաքացիներուն համար առաջին անգամ ըլլալով պիտի կազմակերպուի «Արեւմտահայերէն բանաստեղծութեան» մրցոյթը:
Եռօրեայ այս մեծագոյն գրական իրադարձութիւնը, որուն կը սպասուի շուրջ 40 հազար այցելու եւ աւելի քան 15 երկիրներէ հիւրեր, կ՚ընդգրկէ Հայաստանի ամէնէն մեծ գիրքի տօնավաճառը՝ զեղչուած գիներով գիրքերով: Ծրագիրը յագեցած պիտի ըլլայ բազմալեզու գրականութեան, անհետացող լեզուներու եւ հայերէնի ապագային նուիրուած քննարկումներով, շնորհահանդէսներով, հայ եւ օտարերկրացի գրողներու հետ հանդիպումներով, ինչպէս նաեւ թատերական ու երաժշտական ձեռնարկներով:
Հայաստանի քաղաքացիներուն համար նախատեսուած աւանդական չորս անուանակարգերէն զատ (արձակ, բանաստեղծութիւն, թատերագրութիւն, մանկապատանեկան), աշխարհասփիւռ հանրութեան բաց պիտի ըլլայ «Արեւմտահայերէն բանաստեղծութեան» միջազգային մրցոյթը, կազմակերպութեամբ՝ Երեւանեան գիրքի 9-րդ միջազգային փառատօնի եւ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքի։
Մասնակցութեան դիմում կրնան ներկայացնել 18 տարին բոլորած անձեր՝ անկախ իրենց քաղաքացիութենէն կամ բնակութեան երկրէն, հետեւեալ հասցէով՝
http://www.yerevanbookfest.com/western-armenian։
Ներկայացուելիք բոլոր ստեղծագործութիւնները պէտք է գրուած ըլլան արեւմտահայերէնով:
Մրցոյթին յաղթողը պիտի արժանանայ 1000 եւրօ դրամական մրցանակի։
Դիմումներու պայմանաժամն է Օգոստոս 10 (ներառեալ)։
Այս նախաձեռնութեան նպատակն է խրախուսել արեւմտահայերէն ստեղծագործութիւնը, նպաստել արեւմտահայ գրականութեան զարգացման եւ նոր շունչ հաղորդել հայ ժողովուրդին մշակութային ժառանգութեան կարեւորագոյն հենասիւններէն մէկուն՝ արեւմտահայերէնին։
Իններորդ փառատօնը, որ վերջերս ընդլայնած էր իր աշխարհագրութիւնը դէպի Գիւմրի եւ Կապան, այս տարի պիտի կեդրոնանայ Հանրապետութեան հրապարակին վրայ՝ Հայաստանի ազգային պատկերասրահին, Պատմութեան թանգարանին եւ «Եղիշէ Չարենց» գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին մէջ:
Բոլոր ձեռնարկներուն մուտքը ազատ է: Ծրագիրը կ՚իրականանայ պետական աջակցութեամբ ու Երեւանի քաղաքապետարանի հովանաւորութեամբ:
