Պաքու կը հաստատէ, որ Իսրայէլի վրայ ճնշում բանեցուցած է…

Հաճիեւ եւ Նեթանիահու-13-1785850020715-1540x_

Հաճիեւ եւ Նեթանիահու

Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւէն հրաժարելու համար

Ազերպայճանի նախագահի խորհրդական Հիքմէթ Հաճիեւ թրքական «Haber Global» հեռատեսիլի կայանին տուած հարցազրոյցին ընթացքին բացայայտած է, որ Պաքու դիւանագիտական ճնշում բանեցուցած է Իսրայէլի վրայ՝ հրաժարելու 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւէն։ Ըստ անոր, Յունիս 28-ին Իսրայէլի խորհրդարանին (Քնեսէթ) կայացուցած որոշումէն անմիջապէս ետք, նախագահ Իլհամ Ալիեւի հրահանգով Պաքու անյապաղ կապ հաստատած է Թել Ավիվի հետ՝ յայտնելով, որ «եղբայրական Թուրքիոյ» շահերուն դէմ ուղղուած որեւէ քայլ կարմիր գիծ է Ազերպայճանի համար։ Իսրայէլ լուրջի առած է այս մտահոգութիւնը եւ Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւը դուրս ձգած է խորհրդարանի օրակարգէն:

Անդրադառնալով Երեւանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման հոլովոյթին՝ Հաճիեւ վերահաստատած է Պաքուի այն նախապայմանը, թէ վերջնական խաղաղութեան պայմանագիր կրնայ ստորագրուիլ միայն Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութենէն ետք։ Ազերպայճան կը պահանջէ ջնջել 1990-ի Անկախութեան հռչակագիրին կատարուած յղումը, զոր որպէս Թուրքիոյ եւ իրենց դէմ ուղղուած հողային պահանջ կը դիտարկէ։

Հաճիեւ աւելցուցած է նաեւ, որ Պաքու արդէն իսկ Երեւանէն «ազդանշաններ» կը ստանայ շուտով հանրաքուէի միջոցով նոր սահմանադրութիւն ընդունելու գործընթաց սկսելու մասին։ Անոր համաձայն, երբ սահմանադրութեան նախաբանէն դուրս բերուին հողային պահանջները, խաղաղութեան համաձայնագրի կնքման ճամբուն վրայ այլեւս ոչ մէկ խոչընդոտ պիտի մնայ։