Քաջարան Փապուղի

Քաջարանի փապուղին որպէս հակակշիռ «Թրամփի միջանցք»-ին

Թուրքիոյ մէջ բնակող եւ գործող իրանցի տնտեսագէտ, տնտեսագիտութեան բաժանմունքի նախկին վարիչ, դոկտոր-դասախօս Մորթազա Օճաղլուն (թրքական միջավայրին մէջ ծանօթ նաեւ որպէս Մուրթէզա Օճաքլը), որ հեղինակն է «Մաթեմաթիկական տնտեսագիտութիւն» գիրքին եւ որպէս սիւնակագիր կ՚աշխատակցի «Այտընլըք» (Aydınlık) օրաթերթին, «X» հարթակի իր հաշիւին վրայ թրքերէնով կատարած է հետեւեալ վերլուծումը.

Իրանեան ընկերութիւնները զգալի յառաջխաղացք արձանագրած են Հայաստանի հարաւը գտնուող 7,2 քիլոմեթր երկարութեամբ Քաջարանի փապուղիի շինարարութեան մէջ: Կովկասի ամէնէն բարդ ճարտարագիտական ծրագրերէն մէկը նկատուող այս կառոյցը կը հանդիսանայ «Հիւսիս-Հարաւ» փոխադրամիջոցային միջանցքի կարեւորագոյն օղակը: Ծրագրի աւարտին, Իրան՝ Հայաստանի եւ Վրաստանի տարածքով աւելի կարճ եւ ապահով ուղիով մը պիտի կրնայ հասնիլ Սեւ ծով, եւ հետեւաբար նաեւ՝ եւրոպական շուկաներ:

Թէեւ Քաջարանի փապուղին ուղղակի չի խոչընդոտեր ամերիկեան աջակցութիւն վայելող «Թրամփի միջանցք»-ը (TRIPP), որ կը նպատակադրէ Ազերպայճանը Հայաստանի վրայով կապել Նախիջեւանին եւ Թուրքիոյ, սակայն անիկա զօրաւոր ռազմավարական հաւասարակշռութիւն մը կը ստեղծէ՝ կանխելու համար Իրանի շրջանային մեկուսացումը, փոխադրական ցանցերէն դուրս մնալն ու տարանցիկ իր կարեւորութեան կորուստը:

Մինչ «Թրամփի միջանցք»-ը հիմնականին մէջ արեւելք-արեւմուտք առանցքով երկարող (Ազերպայճան-Նախիջեւան) ուղի մըն է, Քաջարանի գիծը կ՚ամրապնդէ Իրան-Հայաստան-Վրաստան-Սեւ ծով կապը ապահովող հարաւ-հիւսիս առանցքը: Փապուղիին՝ իրանեան ընկերութիւններու կողմէ կառուցուիլը ցոյց կու տայ, որ Թեհրան ոչ միայն նոր առեւտրային ուղի մը կը բանայ, այլեւ կը յաւերժացնէ իր տնտեսական եւ արհեստագիտական ներկայութիւնը Սիւնիքի մարզին մէջ՝ ի հակակշիռ Միացեալ Նահանգներու եւ Ազերպայճանի առանցքի աճող ազդեցութեան:

Այս քայլով Իրան զգալիօրէն կ՚ամրապնդէ Հայաստանի տարածքով Սեւ ծով եւ Եւրոպա հասնող իր այլընտրանքային ուղին՝ միեւնոյն ժամանակ նուազեցնելով իր կախեալութիւնը Ազերպայճանի եւ Թուրքիոյ կեդրոնացումով տարանցիկ գիծերէն: Այս իրողութիւնը կը դժուարացնէ «Թրամփի միջանցք»-ին կողմէ Իրանի ամբողջական շրջանցումը եւ թոյլ չի տար, որ Հայաստան կախեալ մնայ լոկ արեւելք-արեւմուտք գիծէն: Այսպէսով, Թեհրան յաջողութեամբ կը պահպանէ իր ռազմավարական եւ տնտեսական կշիռը Հարաւային Կովկասի մէջ:

Արդարեւ, Քաջարանի փապուղին ոչ թէ «Թրամփի միջանցք»-ը փոխարինող ծրագիր մըն է, այլ՝ անոր դիմաց ստեղծուած աշխարհատնտեսական հաւասարակշռութիւն եւ Իրանի տեսանկիւնէն անվտանգութեան ռազմավարական երաշխիք մը: Երբ փապուղին ու անոր կապուած ճամբաները ամբողջանան, Հարաւային Կովկասի մէջ գերիշխող պիտի չըլլայ միայն մէկ փոխադրական առանցք: Նախիջեւան-Ազերպայճան կապին յենող արեւելք-արեւմուտք գիծին դիմաց, ի յայտ պիտի գայ հզօր հիւսիս-հարաւ ուղի մը, որ Իրան-Հայաստան-Վրաստան գիծով կը հասնի Սեւ ծով եւ Թուրքիա:

Կարճ խօսքով, Իրան «Թրամփի միջանցք»-ին կը պատասխանէ ոչ թէ ռազմական կամ քաղաքական հռետորաբանութեամբ, այլ՝ ենթակառոյցի շօշափելի ներդրումով մը: Քաջարանի փապուղին կ՚առանձնանայ իբրեւ ռազմավարական մեծ քայլ մը, որ ցոյց կու տայ, թէ Թեհրան խաղէն դուրս պիտի չմնայ շրջանային տարանցիկ մրցակցութեան մէջ: Ուստի, Ազերպայճան պէտք է հրաժարի Իրանը շրջանցելու իր քաղաքականութենէն: Ազերպայճան-Թուրքիա-Իրան համագործակցութիւնը խիստ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ. հակառակ պարագային՝ Կովկասի մէջ ամբողջ տարածաշրջանը կը տուժէ եւ կը կրէ ծանր կորուստներ: