Պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով՝ Ամենայն հայոց կաթողիկոսը կանգնեցաւ դատարանի առջեւ
Դատաւորը հրաժարեցաւ դատը վարելէ
Հայաստանի նորագոյն պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ պետն ու վեց բարձրաստիճան հոգեւորականներ կանգնեցան դատարանի առջեւ։ Սակայն Օգոստոս 7-ին, Արմաւիրի մարզի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանին մէջ սկսած դատավարութեան անդրանիկ նիստին սկիզբէն հազիւ քանի մը վայրկեան ետք, դատաւոր Յակոբ Մանուկեան հրաժարեցաւ դատը վարելէ՝ յետաձգելով Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.-ի եւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անդամ եպիսկոպոսներուն դէմ յարուցուած քրէական գործի դատաքննութիւնը:
Ինչպէս լրագրողներուն յայտնեց փաստաբան Արա Զօհրապեան, նոր նիստի թուականը պիտի ճշդուի գործին այլ դատաւորի մը յանձնուելէն ետք:
Դատարանի բակին եւ յարակից տարածքներուն մէջ կեդրոնացած էին ոստիկանական մեծ ուժեր։ Լրագրողները կարելիութիւն չունեցան լուսաբանելու դատավարութիւնը, քանի որ նիստի սկսելէն տասը վայրկեան ետք յայտարարուեցաւ որ անիկա պիտի ընթանայ դռնփակ, իսկ լրասփիւռներուն համար ապահովուած չէին անհրաժեշտ պայմաններ՝ նոյնիսկ պաստառներու միջոցով ընթացքին հետեւելու համար:
Այս աննախադէպ քրէական գործով՝ Կաթողիկոսին եւ Մայր Աթոռի վեց բարձրաստիճան հոգեւորականներու (Արքեպիսկոպոսներ՝ Նաթան Յովհաննիսեան եւ Հայկազուն Նաջարեան, ինչպէս նաեւ եպիսկոպոսներ՝ Վահան Յովհաննէսեան, Էդգար Յակոբեան, Նելսոն Բաբայեան եւ Արթուր Յակոբեան) դէմ մեղադրանք առաջադրուած է. ըստ մեղադրական եզրակացութեան, անոնք դիտումնաւոր կերպով խոչընդոտած են օրինական դատական որոշումի մը կիրարկումը՝ չարաշահելով իրենց պաշտօնական դիրքը: Իշխանութիւնները նաեւ ճամբորդելու արգելք սահմանած են Վեհափառին դէմ:
Դատական գործին հիմքը
Այս ճգնաժամին հիմքը Մասեացոտնի թեմի նախկին առաջնորդ Գէորգ եպիսկոպոս Սարոյեանի (աւազանի անունով՝ Արման Սարոյեան)՝ 2026 Յունուարին պաշտօնանկութիւնն ու զայն կարգալոյծ հռչակելն է։ Ան դատարան դիմած էր՝ վիճարկելով իր պաշտօնանկութեան շուրջ Կաթողիկոսին տնօրինութիւնը: Մինչեւ վերջնական վճիռի արձակումը, քաղաքացիական դատարանը ժամանակաւոր որոշումով մը պահանջած էր արգելք չհանդիսանալ անոր պաշտօնավարման եւ չմիջամտել թեմի նիւթական միջոցներու տնօրինման։
Սակայն, ըստ մեղադրանքին, Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը, անտեսելով դատարանի որոշումն ու հարկադիր կատարողական ծառայութեան պաշտօնական ծանուցումը, միաձայնութեամբ որոշած է կարգալոյծ հռչակել զայն՝ անոր հրապարակային ելոյթները գնահատելով Հայ եկեղեցւոյ հետ կապի խզում եւ հնազանդութեան ուխտի խախտում։ Նշենք, որ պաշտօնանկ եղած Սարոյեան հետագային դարձած է Կաթողիկոսին ամէնէն խիստ քննադատներէն մէկը. ան հանդիպած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին եւ հրապարակայնօրէն պահանջած է Վեհափառին հրաժարականը:
Մինչ դատախազութիւնը կը պնդէ, որ գործը լոկ դատական վճիռի կիրարկման կը վերաբերի եւ աղերս չունի եկեղեցական վարդապետութեան հետ, այս քայլը քննադատողները զայն կը նկատեն կառավարութեան եւ Եկեղեցւոյ միջեւ աննախադէպ լարումի հետեւանք, ինչպէս նաեւ իշխանութիւններու հետ հակադրութեան մէջ յայտնուած հաստատութիւններու ու անհատներու դէմ յարուցուող քրէական գործերու շղթային մէկ օղակը։
«Անհիմն եւ անօրինական»
Լայնածաւալ հակազդեցութիւններ
Առաջին անգամ ըլլալով մեկնաբանելով իրեն դէմ յարուցուած գործը՝ Ամենայն հայոց կաթողիկոսը լրագրողներուն ըսած է. «Անհիմն եւ անօրինական են այն բոլոր գործողութիւնները, որ կ՚իրականացուին Հայ եկեղեցւոյ եւ հայ հոգեւորականութեան նկատմամբ։ Մենք կը հաւատանք, որ արդարութիւնը պիտի յաղթանակէ»։
Այս դատավարութիւնը բուռն հակազդեցութիւն եւ դատապարտում յառաջացուցած է հայկական հոգեւոր եւ աշարհական լայն շրջանակներու մէջ։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը դատապարտելի եւ անընդունելի նկատած է Գարեգին Բ.-ի դատարան կանչուիլը՝ յայտնելով, որ անձամբ թելադրած էր անոր չներկայանալ նիստին եւ իր փոխարէն ներկայացուցիչ մը ղրկել: Երուսաղէմի եւ Միացեալ Նահանգներու հայ առաքելական բարձրաստիճան հոգեւորականները եւս իրենց ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնած են Վեհափառին:
Քաղաքական արձագանգներու շարքին, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոն յայտարարութեամբ մը խստօրէն դատապարտած է դատական այս գործընթացը՝ զայն որակելով «հակասահմանադրական եւ հակազգային»։ ՀՅԴ-ն վերահաստատած է իր լիակատար աջակցութիւնը Եկեղեցւոյ եւ Կաթողիկոսին՝ կոչ ընելով քաղաքացիներուն համախմբուելու Հայ առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ շուրջ:
Սփիւռքեան կարգ մը այլ կառոյցներու շարքին՝ Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդը (CCAF) եւս ամենայն խստութեամբ դատապարտած է իշխանութիւններու այս քայլը։ Խորհուրդը յիշեցուցած է, որ նոյնիսկ խորհրդային տիրապետութեան եւ հալածանքներու ամէնէն մութ տասնամեակներուն, երբ Եկեղեցին զրկուած էր իր գոյքէն ու ենթակայ էր մնայուն հալածանքի, իշխանութիւնները չէին համարձակած դատական հետապնդումի ենթարկել Ամենայն հայոց կաթողիկոսը: Կառոյցը կը շեշտէ, որ կառավարութիւնը կը խախտէ Սահմանադրութիւնն ու պետութեան եւ եկեղեցւոյ տարանջատման սկզբունքը՝ միջամտելով բացառապէս եկեղեցական կանոնական իրաւունքի դաշտին, ինչ որ վտանգաւոր նախադէպ կը ստեղծէ երկրի անկախ հաստատութիւններուն համար:
