Փաշինեան. «Հայաստան այս պահուն չի կրնար ընտրութիւն կատարել ԵՄ-ի եւ ԵԱՏՄ-ի միջեւ»

Փաշ- ԵԱՏՄ

Հայաստան այս պահուն չի կրնար ընտրութիւն կատարել Եւրոպական միութեան (ԵՄ) եւ Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) միջեւ։ Այս յայտարարութիւնը կատարած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ Քիրկիզստանի մէջ Օգոստոս 7-8-ին գումարուած Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի ընդլայնուած նիստին ընթացքին։

Անդրադառնալով հայկական ապրանքներու (գիւղատնտեսական մթերք, հանքային ջուր, քոնեակ եւ այլն) դէմ Ռուսաստանի կիրարկած աճող արգելքներուն՝ վարչապետ Փաշինեան հարցադրում կատարած է, թէ վարչական նման գործելաձեւեր որքանո՞վ կը համապատասխանեն անդամ պետութիւններու միջեւ ազատ առեւտուրի կանոններուն։ Ան շեշտած է, որ ասիկա ոչ միայն Հայաստանի, այլեւ բուն ԵԱՏՄ-ի խնդիրն է, քանի որ կը խաթարէ Միութեան հիմնական սկզբունքները եւ կառոյցը պէտք չէ վերածուի սահմանափակումներու տարածքի։ Նշենք, որ ռուս պաշտօնատարներ եւս կը հաստատեն հայ-ռուսական առեւտրաշրջանառութեան կտրուկ անկումը, որ 2024-ի մրցանիշային 12 միլիառ տոլարէն ետք, 2025-ին նուազած ու հասած է շուրջ 8 միլիառի՝ միտում ունենալով տակաւին իջնելու:

Փաշինեան վիճակագրական տուեալներով պարզաբանած է նաեւ, որ 2025-ին Հայաստան ԵԱՏՄ-ի պիւտճէին վճարած է աւելի քան 319 միլիոն տոլար, մինչ կառոյցէն ստացած է միայն 175 միլիոն տոլար, ինչ որ ուղղակի ապացոյցն է Երեւանի կողմէ ստանձնուած պարտաւորութիւններու բարեխիղճ կատարման:

Անդրադառնալով եւրոպական հեռանկարին եւ ԵՄ-ին անդամակցելու գործընթացի սկիզբին վերաբերող օրէնքին՝ վարչապետը նշած է. “Մենք կը հասկնանք, որ ԵԱՏՄ-ի եւ ԵՄ-ի միաժամանակեայ անդամակցութիւնը անկարելի է, սակայն յիշեալ օրէնքի ընդունման փաստը կը նշանակէ, որ Հայաստան կարելիութիւնը ունի դառնալու ԵՄ-ի անդամ։ Երբ ապագային Հայաստան պատրաստ ըլլայ, ատիկա չի նշանակեր, թէ մեր երկիրը ինքնաբերաբար պիտի դառնայ Միութեան անդամ։ Տակաւին անհրաժեշտ է ԵՄ-ի անդամ պետութիւններուն եւ Հայաստանի քաղաքացիներուն համաձայնութիւնը։ Առանց նախնական հաստատութենական աշխատանքի՝ կարելի չէ այս հարցը յանձնել Հայաստանի քաղաքացիներու որոշումին, իսկ նոյնիսկ անկէ ետք՝ անհրաժեշտ է պաշտօնական դիմում կատարել Եւրոպական միութեան ու ստանալ թեկնածուի կարգավիճակ”։

“Առանց թուարկուած հանգրուաններուն առնուազն մեծ մասը կտրելու՝ հանրաքուէի կայացումը պիտի ըլլայ անբովանդակ։ Ասիկա պիտի նշանակէ, որ մենք Հայաստանի քաղաքացիները ընտրութեան առջեւ կը կանգնեցնենք այնպիսի այլընտրանքներու միջեւ, որոնցմէ մէկը գոյութիւն չունի։ Նման քայլ անյարգալից պիտի ըլլայ ժողովուրդին նկատմամբ եւ՝ անտրամաբանական”,–  եզրափակած է ան՝ աւելցնելով, որ ԵԱՏՄ-ի անդամ երկիրներու գործակցութիւնը երրորդ պետութիւններու հետ պէտք չէ դիտարկել իբրեւ այնպիսի մրցակցութիւն, ուր մէկուն շահը կ՚ենթադրէ միւսին վնասը։