2026-ի առաջին կիսամեային 14.285 օտարերկրացիներ Հայաստանի մէջ բնակութեան իրաւունք ստացած են

Օտար

Ընդհանուր ցուցանիշին մէջ ընդգրկուած են աշխատանքային գործունէութեան հիման վրայ տրուած 6085 առժամեայ կարգավիճակներ, այլ հիմնաւորումներով՝ 2096 առժամեայ, 2085 մնայուն եւ 295 յատուկ բնակութեան կարգավիճակներ: Բացի ասկէ, հաշուի առնուած են Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) անդամ երկիրներու աշխատող քաղաքացիներուն վերաբերող 2688 եւ անոնց ընտանիքի անդամներուն վերաբերող 1036 դրական որոշումներ:

Ամէնէն շատ փաստաթուղթեր եւ կարգավիճակներ ստացած են Ռուսաստանի քաղաքացիները՝ թիւով 5367 հոգի: Ապա կը յաջորդեն Իրանը՝ 1613, Վիեթնամը՝ 1245, Հնդկաստանը՝ 1233 եւ Չինաստանը՝ 820 քաղաքացիներով: Առաջին տասնեակին մէջ ընդգրկուած են նաեւ Ինտոնեզիան, Փիլիպեանները, Սուրիան, Վրաստանն ու Ուքրաինան:

Ռուսաստանի բարձր ցուցանիշը մասամբ կը բացատրուի ԵԱՏՄ-ի քաղաքացիներուն համար գործող յատուկ կարգով: Օրինաչափ ժամանակաւոր կացութեան արտօնագրի փոխարէն, Ռուսաստանի, Պելառուսի, Ղազախստանի եւ Քիրկիզստանի աշխատող քաղաքացիները կը ստանան Հայաստանի մէջ բնակութեան օրինականութիւնը հաստատող տեղեկանք: Համանման փաստաթուղթեր կրնան ձեւակերպուիլ նաեւ անոնց ընտանիքի անդամներուն համար: