«Firebird» կը բանայ Հայաստանի մէջ 5 միլիառ տոլար արժողութեամբ ԱԲ-ի իր գործատան առաջին բաժինը

Firebird

Օգոստոս 8-ին Հրազդանի մէջ պաշտօնապէս բացուեցաւ «Firebird» ընկերութեան արհեստական բանականութեան (ԱԲ — AI) գլխաւոր գործատան առաջին բաժինը, որ մեծագոյնն է ԱՊՀ-ի տարածաշրջանին մէջ: Նորաբաց այս բաժինին արժէքը կը գերազանցէ 500 միլիոն տոլարը, իսկ ծրագրի ամբողջական իրագործումով՝ ընդհանուր ներդրումը պիտի հասնի շուրջ 5 միլիառ տոլարի: Անիկա հսկայական նախագիծի մը առանցքն է, որ արդէն իսկ կը տարածուի դէպի Ղազախստան եւ անկէ ալ անդին: Պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով, Հայաստան այլեւս կարելիութիւնը ունի իր հողին վրայ Արհեստական բանականութիւն զարգացնելու եւ կիրարկելու:

Գործատունը իր աշխատանքը կը սկսի 6144 «NVIDIA» միքրօ-մշակիչներով (GPU), իսկ մինչեւ 2027-ի աւարտը այդ թիւը պիտի գերազանցէ 70.000-ը (ներառեալ՝ NVIDIA Blackwell եւ Vera Rubin նորագոյն տեսակները)՝ հասնելով 300 մեկավաթ հաշուողական հզօրութեան: Հայազգի երկու համահիմնադիրներու կողմէ ղեկավարուող այս հաստատութիւնը առաջինն է այն լայնածաւալ ծրագրին մէջ, որ կը նպատակադրէ Հայաստանի, Ղազախստանի եւ այլ շուկաներու տարածքին ստեղծել շուրջ 2 ժիկավաթ Արհեստական բանականութեան կարողականութիւն:

Շինարարութեան սկիզբէն մինչեւ գործարկման պատրաստ վիճակ ընդամէնը հարկ եղած է վեց ամիս. ասիկա աշխարհի մէջ Արհեստական բանականութեան ենթակառոյցներու ամէնէն արագ կառուցման օրինակներէն է: Նորաբաց կեդրոնը հայաստանեան ծրագրաւորողներուն, նորաստեղծ ընկերութիւններուն (startups), համալսարաններուն եւ պետական հաստատութիւններուն կը տրամադրէ հաշուողական այնպիսի հզօրութիւն մը, որուն շնորհիւ անոնք Արհեստական բանականութիւնը կրնան զարգացնել տեղւոյն վրայ՝ փոխանակ զայն արտասահմանէն վարձելու:

“Վեց ամիս առաջ այս վայրը պարզապէս շինհրապարակ մըն էր, իսկ այսօր հոս կը գործէ տարածաշրջանի մեծագոյն ԱԲ-ի գործատունը”,– յայտնած է «Firebird»-ի համահիմնադիր Ալեքսանտր Եսայեան:

Հրազդանի մերձակայքը շուրջ 200.000 քառակուսի մեթրի վրայ տարածուող գործատունը կ՚աշխատի «NVIDIA»-ի արագացուած հաշուողական համակարգերով եւ «Dell Technologies»-ի գերհզօր սպասարկիչներով: Անիկա հիմնուած է «NVIDIA DSX» հարթակին վրայ եւ միացուած է «NVIDIA Spectrum-X Ethernet» ցանցով՝ մէկ միասնական համակարգի տակ ամբողջացնելով հաշուողական, ցանցային, ուժաբանական եւ զովացման ենթակառոյցները: Այս արհեստագիտութիւնը կարելիութիւն կ՚ընձեռէ նոյն տարածքին վրայ տեղադրելու մինչեւ 40 առ հարիւր աւելի միքրօ-մշակիչներ: Գործատան զովացման համակարգը կը գործէ փակ շրջափուլի ճարտարապետութեամբ. ասիկա կը նշանակէ, որ աշխատանքի ընթացքին ջուրի սպառում տեղի չունենար, եւ ոչ ալ ջուր կը թափուի շրջակայ միջավայր:

«Firebird»-ի տնօրէնութիւնը յայտնած է, որ Հայաստանէն եւ Ղազախստանէն անդին ներկայիս բանակցութիւններ կ՚ընթանան այլ շուկաներու շուրջ եւս, որոնցմէ իւրաքանչիւրը պիտի հետեւի Հրազդանի մէջ կառուցուած ամերիկեան չափանիշերու այս նոյն ձեւաչափին: